Համագործակցութեամբ «Նահնու» կազմակերպութեան եւ «Պատկեր» հայ մշակոյթի ժառանգութեան կեդրոնին, ապրիլեան ոգեկոչման նուիրուած 2,5 ամսուան տեւողութեամբ երկարած` «Հայ ժողովուրդը ողջ է» նիւթով ծրագիրներու փակումը տեղի ունեցաւ «Պատկեր»-ի մէջ շաբաթ, 14 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Պուրճ Համուտի մէջ գոյատեւող արհեստներու ցուցադրութեամբ:
Արդարեւ, 11 արհեստաւորներ Պուրճ Համուտի մէջ գոյատեւող արհեստներու ընդմէջէն ցուցաբերեցին Պուրճ Համուտի ոգիին յիշողութիւնը:
Մասնակցող արհեստաւորներն էին Պետրոս եւ Րաֆֆի Քէշիշեաններ, որոնք յատուկ մեքենաներով փայտ կը տաշեն եւ յատուկ գործիքներ կը շինեն, Յակոբ Քէշիշեան, որ արական սեռի համար յատուկ մորթով եւ ձեւերով կօշիկներ կը շինէ, Ռեն Պտրան, որ հագուստ ձեւաւորող է եւ ծանօթանալով հայկական հագուստներու, անոնց վրայէն հագուելիք գոգնոցներ շինեց, Րաֆֆի Փամպուքեան, որ կանացի կօշիկներ կը շինէ յատուկ մորթով եւ ձեւերով, որոնք կը վաճառուին անուանի հաստատութիւններու մէջ, Նուպար Էսքիճեան պրոնզով թափցու կաղապարներ կը շինէ ընդհանուր յարդարանքի մասնագէտներու հետ: Յովիկ Քիւփէլեան Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ փորձառութիւններ հաւաքած է եւ պզտիկներու ու կիներու կօշիկներ ձեւաւորող է: Փիթըր Խաչերեան ոսկերիչ է, նկարիչ, նաեւ ծխամորճ կը շինէ: Ան հինգ տարիէ կ՛ուսումնասիրէ, թէ ի՛նչ փայտով պէտք է շինէ ծխամորճը, որպէսզի երկար դիմանայ եւ չմարի: Ան նաեւ կը փորագրէ ծխամորճները: Թալին Տէյիրմէնճեան գորգ եւ հաստոց (քիլիմ) նորոգող է: Թալին Սեֆիլեան դարձեալ գորգի եւ հաստոցի վրայ կ՛աշխատի: Երուանդ Հաւարեան ժամանակին շարժապատկերներու մեծ աֆիշներ կը շինէր: Տակաւին հետաքրքրուած է գծագրութեամբ, նաեւ եկեղեցիներու խորաններուն վրայ կը գծէ:
Ներկաները մեծ հաճոյքով դիտեցին ներկայացուած արհեստները եւ հարցումներու ճամբով ստացան յաւելեալ լուսաբանութիւններ` իւրաքանչիւրին մասին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ` մասնակցութեամբ արհեստաւորներուն եւ ներկայ ժողովուրդին:



