Լիբանանեան պասքեթպոլին դիմագրաւած հարցերուն շուրջ խորհրդակցելու նպատակով, տղոց Ա. դասակարգի ակումբները գումարեցին յատուկ ժողով մը:
Ժողովին ներկայ գտնուեցան Մութթահետ Թրիփոլիի նախագահ Ահմետ Սաֆատի, Պէյրութ Ֆըրսթ-Քլապի նախագահ Նետիմ Հաքիմ, Հուփս Պէյրութի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, Ռիատի Պէյրութի նախագահ Մազեն Թապպարա եւ ընդհանուր քարտուղար Թամմամ Ժարուտի (անոնք երկուքը նախքան տեղեկագիրի հրապարակումը մեկնեցան), Սաժես Պէյրութի նախագահ Սեմի Պըրպարի, Անդրանիկի նախագահ Վիգէն Չերչեան, ՀՄԸՄ Պէյրութի պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Կի Մանուկեան, Անթունիէ Պաապտայի ընդհանուր քարտուղար Զէյնա Մինա եւ խումբի տնօրէն Ժորժ Ասսաֆ, Աթլալ Ֆըրզոլի նախագահ Ռաշիտ Ֆարահ եւ խումբի տնօրէն Ճոնի Սիտի, ինչպէս նաեւ Լուէյզիի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Լուիս:
Ժողովէն բացակայեցան Շանվիլ եւ Ռիատի Ժիպէյլ:
Ժողովականները իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նկատմամբ` նշելով, որ անոր պատճառով այս մարզաձեւը մեծ նահանջ կ՛արձանագրէ, ակումբները կը մնան նիւթական մեծ բացերու մէջ եւ պարտքերը կը բազմանան, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս պասքեթպոլի մարզը կ՛ուղղուի դէպի անդունդ, քայքայում:
Ժողովականները անմիջապէս պահանջեցին ֆետերասիոնէն, որ առանց այլեւայլի եւ յաւելեալ ուշացումի անմիջապէս հրաժարի եւ կազմուի նոր ֆետերասիոն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր տարեշրջանը սկսիլ ճիշդ ձեւով:
Անոնք նաեւ ֆետերասիոնէն պահանջեցին, որ ուղղակիօրէն պատկերասփռուած մրցումներուն հասոյթները անմիջապէս տրուին ակումբներուն: Տրուած բայց չգործադրուած խոստում մը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Ա. դասակարգի բոլոր ակումբներն ալ կը պահանջեն, որ 2018-2019 տարեշրջանին գծով ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին յայտարարուին բոլոր մանրամասնութիւնները. օտարական մարզիկներուն թիւը, նոր օրէնքներու մասին (եթէ կան), տարեշրջանին ազդանշանը տրուելուն թուականը եւ այլն, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել նոր տարեշրջանը:


