Ռասինկի մարզիչ Ռիտա Անթարի` խումբէն հեռանալէն ետք, այժմ 4 ֆութպոլիստներ եւս պիտի հեռանան անկէ:
Այդ չորսն են` բերդապահ Մոհամետ Սանթինա, յետսապահ Հիւսէյն Սայյետ, խմբապետ Սերժ Սայիտ եւ միջնապահ Մուսթաֆա Հասան:
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանութեան լաւապէս պատրաստուելու համար, գրեթէ բոլոր խումբերն ալ լաւ ձեւով կը պատրաստուին:
Սակայն Ռասինկը ցարդ անորոշ վիճակի մը մէջ կը գտնուի եւ նոր տարեշրջանին գծով անոր աշխատանքները գրեթէ սառած կը թուին ըլլալ:


