Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Պաշտօնական Կայքին Վրայ Հրապարակուած Է Յուշարձաններու Վերաբերեալ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Փաստաթուղթը

July 14, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս շաբաթ ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան յուշագիրը` Արցախի եւ Ազրպէյճանի մէջ պատմութեան ու մշակոյթի յուշարձաններու վիճակի վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Նախապէս Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան նշեալ յուշագիրը` իբրեւ պաշտօնական փաստաթուղթ, տարածուած էր ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ Եւրոպական խորհուրդին մէջ:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի, որ Արցախի տարածքին մէջ բոլոր ճարտարապետական յուշարձանները Արցախի սեփականութիւնն ու ժառանգութիւնն են, ներառուած են պատմութեան ու մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու պետական ցանկին վրայ եւ կը գտնուին պետութեան պահպանութեան տակ:

Յուշագիրին մէջ նշուած է, որ Արցախը կամաւոր կերպով ստանձնած է պատասխանատուութիւն, որ կը բխի եւրոպական մշակութային ուխտէն, Հնագիտական ժառանգութեան պահպանութեան մասին Եւրոպական ուխտէն եւ Եւրոպայի ճարտարապետական ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին ուխտէն. համապատասխան վաւերագիրները 2014-ին եւ 2015-ին ուղարկուած են Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին: Ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն, իւրաքանչիւր տարի Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ նիւթական միջոցներ կը յատկացուին պատմական յուշարձաններու պահպանութեան նպատակով` անկախ անոնց ծագումէն:

«Փաստաթուղթին մէջ կը ներկայացուին փաստեր, որոնք կը հերքեն Ազրպէյճանի մեղադրանքները` Արցախի տարածքին մէջ իսլամական յուշարձաններու իբրեւ թէ ոչնչացման վերաբերեալ: Յուշագիրին մէջ նշուած է, որ կեղծ մեղադրանքներէն բացի, Ազրպէյճանը որեւէ ապացոյցներ չի ներկայացներ եւ կը փորձէ իր իսկ մօտեցումներն ու գործողութիւնները վերագրել հայկական կողմին: Այս ծիրին մէջ ընդգծուած է, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին մէջ եւ պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ ոչնչացուած են Արցախի տարածքին գտնուող հայկական 167 եկեղեցիներ, 8 վանական համալիրներ եւ 123 գերեզմանատուներ: Այսօր Ազրպէյճան նոյնպէս կը շարունակէ հայկական յուշարձաններու ոչնչացման նպատակաուղղուած քաղաքականութիւնը իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ: Աւելի՛ն, խաղաղութեան ժամանակաշրջանին ազրպէյճանական իշխանութիւնները ամբողջութեամբ կամ մասնակիօրէն ոչնչացուցած են բոլոր հայկական պատմական եւ մշակութային յուշարձանները Նախիջեւանի մէջ, ուր 20-րդ դարու վերջաւորութեան կային թիւով 218 հայկական քրիստոնէական վանքեր, եկեղեցիներ, զանգակատուներ, աւելի քան 4500 խաչքարեր եւ միայն 6 մզկիթներ», ընդգծուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Փաստաթուղթին մէջ մտահոգութիւն կը յայտնուի Ազրպէյճանի իշխանութիւններու փորձերուն վերաբերեալ` Արցախի մէջ եկեղեցիներու կառուցումը մեկնաբանելու իբրեւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտում եւ զայն օգտագործելու` ազրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապին կրօնական բնոյթ հաղորդելու համար: Այս ծիրին մէջ ընդգծուած է, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին մէջ չկայ որեւէ կէտ, որ կը սահմանափակէ կրօնի ազատութեան իրաւունքի կիրարկումը, ներառեալ` եկեղեցիներու կառուցումը: Հայերը սկսած են եկեղեցիներ կառուցել Ազրպէյճանի յայտնուելէն 1700 տարի առաջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Արցախի դիրքորոշումով` ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապը կրօնական չէ, սակայն կը ներկայացնէ երկու արժեհամակարգերու բախում, որ կ՛արտայայտուի Արցախի կողմէ` ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան ձգտման, իսկ Ազրպէյճանի կողմէ` Արցախի ժողովուրդին իր ճակատագիրը ինքնուրոյն կերպով որոշելու անքակտելի իրաւունքէն ուժի միջոցով զրկելու փորձին մէջ», կը հաղորդէ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ըստ նոյն աղբիւրին, յուշագիրը կը ներառէ նաեւ բազմաթիւ լուսանկարներ, որոնք կը վկայեն Ազրպէյճանի կողմէ հայկական յուշարձաններու նպատակաուղղուած ոչնչացումին եւ պղծումին մասին:

 

 

Նախորդը

«Ազրպէյճանը Երբե՛ք Առանձին Պիտի Չձգենք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Նախարար Մինասեան Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Ներդրումներով Հետաքրքրուած Գործարարներու Հետ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.