Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Անդրադարձ. Թուրքիոյ Ընտրութիւններուն Արդիւնքը` Ազգայնամոլութեան Եւ Կրօնամոլութեան Ամուսնութիւնը

July 14, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

24 յունիս 2018-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ, եւ դարձեալ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ընտրուեցաւ նախագահ, իսկ անոր հիմնած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ԱԲԿ) ապահովեց մեծամասնութիւն, սակայն այս անգամ այլ տարիներէ տարբերութիւնը եղաւ այն, որ Էրտողանի օգնութեան հասաւ ազգայնամոլական Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը (ԱՇԿ):

Էրտողան նախագահ ընտրուեցաւ ապահովելով ձայներուն 53 առ հարիւրը` շնորհիւ ԱԲԿ-ի եւ ԱՇԿ-ի միջեւ դաշինքին: Իսկ խորհրդարանական ընտրութիւններուն 600 երեսփոխաններէն ԱԲԿ-ն ներկայիս ունի 295 երեսփոխան, իսկ ԱՇԿ-ն` 49, այսինքն որեւէ բանաձեւ անցընելու համար ԱԲԿ-ն կարիքը ունի իր դաշնակիցին ձայներուն, որպէսզի մեծամասնութիւն կազմէ խորհրդարանին մէջ:

Ի՞նչ փոփոխութիւններ կ՛ակնկալուին ԱԲԿ-ԱՇԿ դաշինքէն` Թուրքիոյ արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան մէջ:

Թրքական արտաքին քաղաքականութիւնը շատ հաւանաբար պիտի հեռանայ Արեւմուտքէն եւ աւելի մխրճուի ռուսական տիղմին մէջ: Վերջերս թրքական կողմը համաձայնեցաւ Ռուսիայէն գնել «Էս-400» հակաօդային համակարգեր, բան մը, որ զայրացուց ՕԹԱՆ-ի անդամները եւ մասնաւորապէս` Միացեալ Նահանգները, որոնք Անգարայի այս քայլը անընդունելի նկատեցին: ԱՇԿ-ն իր նախընտրական արշաւին ընթացքին բազմիցս քննադատեց ամերիկեան քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ եւ կոչ ուղղեց Ուաշինկթընին` միջամուխ չըլլալու թրքական ներքին հարցերուն: Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի պիտի սրին: ԱՇԿ-ն եւ ԱԲԿ-ի ծայրայեղական թեւը դէմ են եւրոպական կամ արեւմտեան արժէքներուն եւ ազատական-ժողովրդավարական կարգախօսներուն: Տեւլեթ Պահչելի` ԱՇԿ-ի նախագահը, իր նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիան պէտք չէ Եւրոպական Միութեան անդամակցի, իսկ նախագահ Էրտողան բազմիցս քննադատեց Եւրոպական Միութիւնը` իբրեւ քրիստոնեայ երկիրներու ակումբ: Կիպրական հարցով ԱՇԿ-ն ոչ մէկ քաղաքական զիջումի կողմ է, բան մը, որ ԱԲԿ-ի եւ Յունաստանի միջեւ տարիներու երկխօսութիւնը կրնայ վտանգել Կիպրոսը վերամիացնելու հարցով: Հակառակ անոր որ Ռուսիոյ հետ բարելաւուած է յարաբերութիւնը, սակայն ԱՇԿ-ի համաթուրանական քաղաքականութիւնը, մասնաւորապէս Ազրպէյճանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքական պետութիւններուն նկատմամբ, մտահոգիչ է Քրեմլինի համար: Նոյն մտահոգութիւնը նաեւ կը կիսէ Չինաստանը` ույղուրներուն հարցով, որովհետեւ ԱՇԿ-ն վերջին տարիներուն Պոլսոյ մէջ զօրակցական ցոյցեր կազմակերպեց ույղուրներու եւ թուրքմեններու հետ` ընդդէմ արեւելեան Թուրքեստանի մէջ չինական քաղաքականութեան: Իսկ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ԱՇԿ-ն միշտ ալ նեցուկ կանգնեցաւ թուրքմեններուն, նոյնիսկ կամաւորներ ղրկեց այս երկիրներուն մէջ մարզելու եւ հիմնելու թուրքմենական ջոկատներ, որոնք հսկայ դերակատարութիւն ունեցան քրտական զինեալ ուժերուն դէմ կռիւներու ընթացքին: Վերջապէս, Հայաստանի հետ Թուրքիան ա՛լ աւելի կարծր քաղաքականութիւն պիտի վարէ մասնաւորապէս Հայկական հարցին մէջ եւ արցախեան հիմնահարցին շուրջ: Թրքական ժխտողական քաղաքականութիւնը եւ հակահայ դրսեւորումները պիտի տարածուին Միջին Արեւելքի մէջ եւ միջազգային բեմերուն վրայ:

Ինչ կը վերաբերի ներքին քաղաքականութեան, Թուրքիա ա՛լ աւելի կարծր քաղաքականութիւն պիտի վարէ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն, մասնաւորապէս քիւրտերուն նկատմամբ եւ ճնշէ խօսքի ազատութիւնը: ԱՇԿ-ն կը հաւատայ, որ միայն զինեալ միջոցով կրնայ լուծել քրտական հարցը` ի նպաստ Թուրքիոյ. ան Էրտողանի կողքին կեցաւ, երբ վերջինս յայտարարեց Սուրիոյ մէջ Աֆրինի ռազմական գործողութեան մասին` ընդդէմ քրտական ջոկատներուն: Ճնշելով աշխարհիկ կուսակցութիւնները եւ մտածողութիւնները` կրօնամոլութիւնը պիտի շեշտուի թէ՛ կրթական եւ թէ՛ ընկերային կեանքին մէջ: ԱՇԿ-ի ընտրական յաղթանակը, հակառակ կուսակցական պառակտումին, ցոյց կու տայ, որ նորահաս թուրք երիտասարդը ա՛լ աւելի ազգայնամոլ եւ կրօնամոլ է, քան` նախկին սերունդը:

Այս դաշինքը կամ քաղաքական ամուսնութիւնը մեզի  պէտք է յիշեցնէ Թուրքիան Համաշխարհային Ա. պատերազմի նախօրեակին, որովհետեւ իսլամականներու եւ ազգայնամոլներու դաշինքին արդիւնքը հայերու, յոյներու եւ ասորիներուն ոչնչացումն էր Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ: Արդեօք ներկայ ԱԲԿ-ԱՇԿ քաղաքական դաշինքը վերջին հարուա՞ծը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մէջ քրտական երազներուն, թէ՞ Էրտողանի կայսրութեան փլուզման առաջին փուլը:

[email protected]

 

 

Նախորդը

Թատրոնի Նուիրեալ Մըն Ալ Հեռացաւ. Վազգէն Դարբինեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

«Եկեղեցին Չի՛ Կրնար Անտարբեր Մնալ Ընկերութիւնը Յուզող Խնդիրներուն Նկատմամբ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.