Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համանախագահները Ընդգծած Են Շփման Գիծին Մէջ Լարուածութիւնը Նուազեցնելու Եւ Հրահրող Հռետորաբանութենէն Խուսափելու Կարեւորութիւնը

July 13, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները  11 յուլիսին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ հանդիպումին վերաբերեալ հրապարակած են յայտարարութիւն մը:

Նախարարները իրարու ներկայացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին շուրջ իրենց տեսակէտները եւ քննարկած հետագայ քայլերն ու բովանդակալից բանակցութիւնները վերսկսելու շրջագիծերը: Կողմերը քննարկած են ապագայ հանդիպումներու համար շարք մը հարցեր, ներառեալ` վստահութեան ամրապնդման հետ կապուած քայլերը:

Համանախագահները ընդգծած են լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ հրահրող հռետորաբանութենէն խուսափելու կարեւորութիւնը: Անոնք նաեւ վերահաստատած են տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ կողմերուն օգնելու իրենց յանձնառութիւնը` Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի հիմնարար սկզբունքներուն, ներառեալ ուժ կամ սպառնալիք չկիրարկելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի համաձայն:

Նախարարները համաձայնած են մօտիկ ապագային դարձեալ հանդիպիլ համանախագահներու հովանիին տակ:

Մանրամասնութիւններ`
Մամետեարով-Մնացականեան Հանդիպումէն

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը մանրամասնութիւններ հաղորդեց 11 յուլիսին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` հանդիպումը կազմակերպելու համար եւ ընդգծած անոնց հովանիին տակ խաղաղութեան հոլովոյթի կարեւորութիւնն ու բանակցային կշռոյթի պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումը կը կրէր ճանաչողական բնոյթ եւ իրարու տեսակէտներուն ծանօթացման միտումով էր:

Մնացականեան ընդգծած է, որ բանակցային հոլովոյթը այլընտրանք չունի, եւ այս ծիրին մէջ կարեւոր նկատած է խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորման, փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման, լարուածութեան նուազեցման ուղղուած քայլերը, զինադադարի անշեղ պահպանումն ու յարձակողապաշտ հռետորաբանութենէն հրաժարիլը:

Ան շեշտած է, որ տագնապի բոլոր կողմերուն իրատեսական եւ կառուցողական ներգրաւուածութիւնը առաջնակարգ նշանակութիւն ունի տեւական խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն արդիւնաւէտութեան համար:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման բանակցային հոլովոյթին առնչուող հարցերու շուրջ:

Համանախագահները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն ներկայացուցած են իրենց յառաջիկայ ծրագիրները: Անդրադարձ կատարուած է հետագայ քայլերուն:

 

Նախորդը

Խօսելով Արցախը Բանակցութեան Սեղան Վերադարձնելու Մասին` «Պէտք Է Մասնակցող Բոլոր Կողմերը Բանակցային Ձեւաչափին Առնչութեամբ Հասարակ Յայտարարի Գան» Կ՛ըսէ Լաքոթ

Յաջորդը

ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովին Ընթացքին. «Սադրանքներու Դէպքերը Լուրջ Կասկածի Տակ Կը Դնեն Պաքուի Յանձնառութիւնը Խաղաղութեան Գործընթացին» Յայտարարեց Վարչապետ Փաշինեան

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.