Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիմանի Մէջ. «Միջմարոնիական Պատմական Հաշտութիւնը Պէտք Է Պաշտպանել» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

July 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին եւ Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան  Իպրահիմ Քանաանը` ներկայութեամբ Պքերքէի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ուալիտ Ղայեատի:

Հանդիպումէն ետք Ղայեատ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը միջմարոնիական հաշտութեան կնքահայրեր Ռիաշիի եւ Քանաանի պարտականութիւն տուաւ առ որ անկ է փոխանցելու, թէ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ ստորագրուած  պատմական հաշտութիւնը պէտք է պաշտպանել` առանց արտօնելու, որ փոքր տարակարծութիւնները վերածուին հսկայական վէճերու եւ լուրջ հարցերու:

Ղայեատ շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղած է կասեցնելու փոխադարձ ցեխարձակումները, որոնք կ՛արձանագրուին տեղեկատուութեան մարզին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ` լարուածութիւն յառաջացնելու ամէնուրեք: «Ան կոչ ուղղեց երկու կողմերուն հասնելու գործիքակազմի մը, որուն միջոցով կարելի կ՛ըլլայ վերահաստատել եւ վերակազմակերպել քաղաքական յարաբերութիւնները», ըսաւ Ղայեատ` աւելցնելով, որ Ռայի կոչ ուղղած է արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը` հիմնուելով սահմանադրական չափանիշներուն վրայ:

Ապա Ռիաշի եւ Քանաան մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ ընդգծեցին միջ-մարոնիական հաշտութիւնը պահպանելու եւ ամրապնդելու յանձնառութիւնը:

Ռիաշի ընդգծեց, որ իրենք նախանձախնդիր են, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ տարակարծութիւնները գետնի վրայ իրենց հետեւանքները չունենան:

«Հաշտութիւնը շատ աւելի վեհ է, քան որեւէ քաղաքական պայքար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքը իրենց յանձնած է նամակ մը, զոր պէտք է փոխանցեն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին:

Իր կարգին, Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ հաշտութիւնը սուրբ է եւ կարմիր գիծ` աւելցնելով, որ իրենց տարակարծութիւնները արդէն իսկ մէկդի դրած են:

Նախորդը

«Լիբանանի Կացութիւնը Մտահոգիչ Չէ` Նկատի Ունենալով Անոր Նաւթային Հարստութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Զախարովա Անդրադարձած Է Մնացականեան-Մամետեարով Յառաջիկայ Բանակցութիւններուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.