Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի սննդեղէն, սպառումի մթերք եւ խմիչք ներածող ընկերութիւններու սենտիքան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալիի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ «ոչ ոք կրնայ կասեցնել Լիբանանի մէջ բարեկարգումներ իրագործելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու արշաւը, որ սկսաւ, երբ ես հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցայ»: «Բարեկարգումի այս ուղին պիտի շարունակուի բոլոր անոնցմով, որոնք Լիբանանի նկատմամբ հաւատք ունին: Այս ուղիէն եւ արշաւէն տուժող կողմերը, որքան որ ալ փորձեն անճիշդ տեղեկութիւններով եւ զրպարտութիւններով խանգարել եւ խոչընդոտել մեր ուղին, պիտի չյաջողին, հակառակ անոր որ նման արտայայտութիւններ կրնան Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը խախտել», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն օժանդակելու պետութեան` փտածութեան դէմ անոր մղած արշաւին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթական դուրս գալ այդ պայքարէն:
Ան շեշտեց առեւտուրը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ անիկա կ՛օժանդակէ երկրին զբօսաշրջութեան զարգացման:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան յաջողած է մաքսանենգումները կասեցնել` շեշտելով, որ Լիբանանի կացութիւնը մտահոգիչ չէ` նկատի ունենալով անոր նաւթային հարստութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի տնտեսութիւնը վերածելու արդիւնաբեր տնտեսութեան:
Իր կարգին, Պոհսալի սենտիքային անունով զօրակցութիւն յայտնեց նախագահ Աունին եւ երկրին կացութիւնը բարելաւելու անոր ջանքերուն, յատկապէս տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն մէջ:
Ան կոչ ուղղեց նախագահ Աունին իր ներդրումը ունենալու` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները հանգուցալուծելու առումով:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց Շուֆի բարգաւաճման ծրագիրներուն վերաբերող խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող հարցեր:



