Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Միքաթիի Եւ Մախզումիի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւններն Ու Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

July 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ համաձայն գտնուած են, թէ ներկայիս ժամանակը չէ քաղաքական շռայլութեան` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է զիջումներ կատարեն` ի խնդիր կառավարութեան կազմութեան:

Միքաթի մաղթեց, որ կառավարութեան մաս կազմող նախարարները ըլլան ատակ ու կարող մարդիկ, որոնք երկիրը փրկեն իր դիմագրաւած տագնապներէն:

«Այսօր կան շրջանային տագնապներ, ինչպէս նաեւ կան խօսքեր Լիբանանի տնտեսական եւ ընդհանրապէս տիրող կացութեան, ելեկտրականութեան, բնակարանային վարկերու, աղբերու եւ փտածութեան հարցերուն մասին: Համոզուած ենք, որ թէ՛ ներքին, թէ՛ ալ արտաքին տագնապները դիմագրաւելու համար պէտք է պահպանել եւ ամրապնդել լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը», հաստատեց ան:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան  Ֆուատ Մախզումի, որ յայտնեց, թէ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան հարցը:

Մախզումի շեշտեց, որ իրենք նեցուկ կը կանգնին վարչապետ Սաատ Հարիրիին, որպէսզի ան անյապաղ կառավարութիւն կազմէ, «որովհետեւ հետագային մեր դիմագրաւելիք տագնապները` իբրեւ խորհրդարան եւ կառավարութիւն, հսկայական պիտի ըլլան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ տնտեսական տագնապը, սուրիացի տեղահանուածներու վերադարձն ու Լիբանան-Իսրայէլ սահմանագծումը լուրջ հարցեր են, եւ պէտք է պատրաստ ըլլալ լուծելու այդ հարցերը:

Մախզումի նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի կատարուած միջազգային  օժանդակութիւնը պայմանաւորուած է բարեկարգումներով` աւելցնելով, որ Լիբանան պէտք է պատասխանատուութեամբ կատարէ իր բոլոր խոստումները:

 

 

Նախորդը

Պասիլ Յայտարարեց Տեղահանուածներու Տունդարձի Կեդրոնական Յանձնախումբը Եւ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

«Ո՛վ Որ Կը Յանդգնի Երկրին Մէջ Ճաշարան Կամ Զբօսաշրջական Հաստատութիւն Հիմնել, Լիբանանի Հերոսներէն Կը Նկատուի» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.