Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ-Մերքել Բանավէճ

July 12, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի երկօրեայ վեհաժողովի նախօրեակին Ռուսիոյ ազդեցութեան եւ պաշտպանական մարզի ծախսերու շուրջ բանավէճ մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ:

Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ նախաճաշի ընթացքին Թրամփ յայտնեց. «Գերմանիան ամբողջութեամբ Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ է, որովհետեւ անոնք իրենց ուժանիւթի 60-էն 70 առ հարիւրը պիտի առնեն Ռուսիայէն եւ նոր խողովակաշարէ մը, եւ դուք ըսէք, եթէ այդ մէկը պատշաճ է, որովհետեւ կը կարծեմ պատշաճ չէ եւ կը կարծեմ, որ ՕԹԱՆ-ի համար շատ վատ է»:

«Գերմանիան անոնց (ռուսերուն, «Ա.») պատանդն է: Մենք որոշակիօրէն պէտք է ատոր ուշադրութիւն դարձնենք», ըսաւ ան:

Թրամփ նաեւ Գերմանիան ամբաստանեց իր տնտեսական կարողութեան միայն շուրջ 1 առ հարիւրը պաշտպանութեան մարզին վրայ ծախսելու յանցանքով, մինչ Միացեալ Նահանգներ կը ծախսեն` 4,2 առ հարիւրը: «Յարմար չէ, որ ՕԹԱՆ պաշտպանէ Պերլինը, մինչ վերջինս ուժանիւթի դիմաց միլիառաւոր տոլարներ կը վճարէ Ռուսիոյ», նշեց Թրամփ:

Մերքել հակադարձեց` ընդգծելով, որ Գերմանիան գերիշխան պետութիւն է, եւ Սպիտակ տան ղեկավարի քննադատութիւնը տեղին չէ:

«Այս առիթով կ՛ուզէի ըսել, որ ես անձամբ հետեւած եմ, թէ ինչպէս Գերմանիոյ մէկ մասը վերահսկուած է Խորհրդային Միութեան կողմէ: Ես այսօր շատ ուրախ եմ, որ ազատութեան մէջ միացած ենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այժմ Գերմանիան ինքնուրոյն քաղաքականութիւն կը վարէ եւ իր սեփական որոշումները կու տայ:

Ան ընդգծեց, որ Գերմանիան իր զինուորներէն մեծ թիւ մը դրաւ ՕԹԱՆ-ի տրամադրութեան տակ: «Տակաւին մեծապէս առնչուած ենք Աֆղանիստանին եւ ուստի նաեւ կը պաշտպանենք Միացեալ Նահանգներու շահերը… եւ Գերմանիան ուրախ էր ատիկա ընելու եւ այդ մէկը կատարեց համոզումէ մղուած», ըսաւ Գերմանիոյ վարչապետը:

Թրամփ նախապէս ոմանց ապշեցուց, երբ ըսաւ, թէ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը կրնայ աւելի դժուար ըլլալ, քան յառաջիկայ երկուշաբթի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ վեհաժողովը:

Ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ «կը շահագործուին» ՕԹԱՆ-ի մնացեալ անդամներուն կողմէ:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք զինք ամբաստանեց «գրեթէ առօրեայ կերպով» Եւրոպան քննադատելու յանցանքով: Թուսք «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Սիրելի՛ Ամերիկա, գնահատէ՛ դաշնակիցներդ, ի վերջոյ անոնք այդքան ալ շատ չեն»:

Նախորդը

Ազրպէյճան Եւ Իսրայէլ Նոր Տեսակի Անօդաչու Թռչող Սարքերու Միացեալ Արտադրութեան Համաձայնագիր Ստորագրած Են

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.