Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Որո՞նք Են Այն Հինգ Սխալները…

July 12, 2018
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Անուշահոտի ընտրութեան եւ գործածութեան հետ կապուած կան 5 սխալներ, որոնցմէ պէտք է զգուշանալ, եթէ կ՛ուզենք, որ անիկա մեր ճաշակին եւ մեր մորթին համապատասխան ըլլայ, երկար դիմանայ եւ ժամանակէն առաջ չհիննայ ու չծանրանայ: Ստորեւ կը ներկայացնենք անուշահոտի մասնագէտ Լեսլի Կոթիէի 5 զգուշացումները:

1

Առանց Փորձելու Գնելը

Շատեր համացանցէն կարծիքներ քաղելով կամ վաճառող երիտասարդուհիին կարծիքին վստահելով եւ կամ բարեկամուհիի մը վրայէն հոտը առնելով` կուրօրէն անուշահոտ կը գնեն: Ծանուցումները իրենց կարգին շփոթի կը մատնեն…

Այս փորձութիւններէն հեռու մնալով` պէտք է անպայման անուշահոտը փորձել` նախքան գնելը:

2

Սխալ Ձեւով Փորձելը

Անուշահոտը փորձելէն անմիջապէս ետք կարելի չէ զայն գնել: Պէտք է սպասել, որ ժամանակ անցնի, երկու-երեք ժամ, ինչո՞ւ չէ, ամբողջ օր մը, հետեւելու համար անոր բոյրի հոլովոյթին: Երբեք սխալ չէ, եւ ոչ ալ ամօթ` անուշահոտ փորձելը եւ յաջորդ օրը գնելը եւ թերեւս` հրաժարիլը:

3

Սխալ Ձեւով Պահելը

Այո՛, անուշահոտը պէտք է պահել լոյսէն եւ տաքէն հեռու: Յատկապէս կարելի չէ անուշահոտին սրուակը զետեղել բաղնիքի հայելիին առջեւ: Բաղնիքը այն տեղն է, ուր լոգանքի եւ շոգիի պատճառով ջերմաստիճանի մեծ ելեւէջներ կը պատահին: Նոյնպէս ալ կարելի չէ անուշահոտին սրուակը զետեղել շպարի սեղանին վրայ, ուր արեւին ճառագայթները մնայուն կը թափանցեն: Յարմարագոյնը պիտի ըլլայ սրուակը պահել պահարանին եւ կամ գզրոցին մէջ:

4

Մեծ Չափի Սրուակ Գնելը

Անուշահոտ գնելու ատեն նախապատուութիւնը տալ փոքր չափի սրուակներուն, նոյնիսկ եթէ մեծ սրուակին գինը աւելի յարմար է: Փոքր սրուակով անուշահոտ գնելը ունի իր առաւելութիւնները, նախ` չի հիննար ու ծանրանար, իսկ բոյրէն ձանձրանալու պարագային, անիկա որոշ ժամանակ մը ետք կը սպառի, եւ նորը ընտրելու առիթ կը ստեղծուի:

5

Չափազանցելը

Երբ անուշահոտ մը երկար ժամանակի վրայ գործածուի, զայն կրողը հոտին կը վարժուի եւ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ բոյրը կորսնցուցած է իր ազդեցութիւնը:

Պէտք չէ չարաշահել անուշահոտին գործածութիւնը եւ անհանգստացնել շրջապատը:

Նորաձեւութեան Հետ Կապուած
10
Սխալ Սովորութիւններ

Հագուստները եղած են մեր վայելչութիւնը շեշտելու, մեր մարմինը արժեւորելու եւ, ինչո՞ւ չէ, կարգ մը թերութիւններ ծածկելու համար: Ստորեւ հակիրճ տողերով կը ներկայացնենք նորաձեւութեան հետ կապուած 10 սխալ սովորութիւններ, որոնք աւելի գէր տեսք կու տան մեր արտաքինին:

1.- Շատ մեծ չափի հագուստները, որոնք, ըստ ոմանց, «կը ծածկեն» մարմնին թերութիւնները:
2.- Շատ պզտիկ չափի հագուստները, որոնք մարմնին փակչելով` աւելի եւս կը շեշտեն թերութիւնները:
3.- Վերէն վար սեւ գոյնի հագուստ եւ աքսեսուարներ կրելը:
4.- Հորիզոնական գծաւորը, խոշոր ծաղկաւորը, ինչպէս նաեւ գոյներու խառնարանը երբեք չեն յարմարիր գէր անձերուն: Մանր կէտաւորը, ուղղահայեաց նուրբ գծաւորը, մանր ծաղկաւորը եւ միագոյնը յանձնարարելի են բոլոր անոնց, որոնք աւելի նրբակազմ կ՛ուզեն երեւիլ:
5.- Գոց օձիքները, մինչեւ վերջ կոճկուած շապիկները «կը խեղդեն» տեսքը:
6.- Խոշոր չափի մանեակներու, օղերու եւ ապարանջաններու կուտակումը:
7.- Անորակ կամ չափէ աւելի փոքր կրծկակալները:
8.- Շատ կարճ, շատ նեղ ու փակած փէշերը հակամէտ են շեշտելու որոշ թերութիւններ:
9.- Տափակ կօշիկները, որքան որ ալ հանգստաւէտ ու գործնական ըլլան, անխուսափելիօրէն «կը կտրեն» մարմնին սլացքը:
10.- Ամէն գնով նորաձեւութեան կառչիլը:

Այս Ամրան Նորաձեւ
Լողազգեստները

Եթէ ձեր ունեցած լողազգեստը նորով մը փոխարինելու նպատակ ունիք, կարդացէք «Քոսմոփոլիթեն» թերթին հետեւեալ տողերը. «Մէկ կտորէ կազմուած լողազգեստները 50 տարեկանց անց կիներուն չէ վերապահուած: 2015 ամրան վերոյիշեալ լողազգեստները շատ նորաձեւ են, անոնք վայելչութիւն եւ սլացք պիտի տան մարմնին…». հետեւաբար կ՛արժէ մտածել այս մասին եւ, աւելի՛ն, եթէ ձեր պահարանին մէջ մէկ կողմ դրուած մէկ կտոր լողազգեստ մը ունիք, ետ կեանքի բերէք զայն…

Ստորեւ` «Քոսմոփոլիթեն»-ի կողմէ հրապարակուած քանի մը հետաքրքրական նմուշ:

Տան Յարդարանք

Քաքթիւսները

Քաքթիւսները (կանկատունկ) եւ պարարտատերեւ (սիւքիլանթ) բոյսերը գեղեցիկ տեսքով եւ քիչ խնամք պահանջող բոյսեր են: Ասոնք կարելի է ցանել եւ ներկայացնել հազարումէկ տարբերակով` հնդկընկոյզի պատեանի, թէյամանի, գինիի բաժակի մէջ կամ այլուր եւ զետեղել տան զանազան անկիւնները:

Իրենց գեղեցիկ տեսքով եւ անսովոր «թաղար»-ներով պիտի զարմացնեն եւ գրաւեն շատերը: Ստորեւ` քանի մը հետաքրքրական նմուշ: Պատկերները բաւարար խօսուն են եւ բացատրութեան չեն կարօտիր:

Սննդագիտական-Առողջապահական

 Համեմներու Արքան` Հելը

Հնդկաստանի մէջ հելը որպէս դեղ արդէն իսկ օգտագործուած է ՔԱ 7-րդ դարուն: Համեմներու արքայ հելին կը վերագրուին բազմաթիւ բուժիչ յատկութիւններ:

Շեշտուած բոյրով հելը նաեւ կ՛օգտագործուի սուրճի եւ թէյի պատրաստութեան մէջ: Անիկա համարուած է աշխարհի ամենասուղ համեմը` սաֆրանէն եւ վանիլայէն ետք:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հելի բուժիչ յատկութիւններէն մէկ քանին.

– Կը բուժէ մարսողական խանգարումները:
– Կը դարմանէ միզային համակարգի խանգարումները:
– Կը չէզոքացնէ բերնի տհաճ հոտը:
– Կը կանխարգիլէ ակռաներու փտումը:
– Կը չափաւորէ արեան գերճնշումը:
– Կը հաւասարակշռէ շաքարի քանակը` արեան մէջ:
– Կը բարելաւէ շնչառութիւնը եւ կը մեղմացնէ ազմը:

Խոհագիր

Նարինջով Կարկանդակ

Բաղադրիչներ.

– 2 հաւկիթ
– 150 կրամ շաքար
– 200 կրամ ալիւր
– 2 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 150 կրամ կարագ
– 1 նարինջի հիւթ
– Կիտրոնի կեղեւի տաշուք
– Նարինջի կամ կիտրոնի անուշ

Պատրաստութիւն.

Հաւկիթները շաքարին հետ խառնել, ալիւրը խառնել պէյքինկ փաուտըրին հետ, աւելցնել` կակուղ կարագը, զարնուած հաւկիթները, նարինջի հիւթն ու կիտրոնի կեղեւի տաշուքը: Բոլորը միատեղ խառնել եւ միատարր խմորը փոխադրել նախապէս կարագով ծեփուած կաղապարին մէջ:

Նախապէս 130 ջերմաստիճանով տաքցուած փուռին մէջ եփել շուրջ 20 վայրկեան:

Փուռէն հանելէ ետք տաք կարկանդակը անուշով պատել եւ երեսը զարդարել թարմ կամ շաքարոտած նարինջի շերտերով:

 Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Գինովի Երազ

Այս գիշեր նորէն երազըս տեսայ.
Խոշոր ժայռին տակ, շունչ-շունչի նստած,
Խենթ-խենթ բառերով կը պատմէի, ցած,
Թէ իրմէ յետոյ ի՛նչ կեանք ապրեցայ.

«Երբեմն, պառկած, սաղմոս կարդացի…
Բայց յաճախ ալ, քո՛յր, մոռնալու համար
Դէզ-դէզ կուտակուած վիշտերս անհամար`
Իրիկունները գինետուն գացի…

«Ահ, դուն գինովի աչքեր չե՛ս տեսեր,
Հոգիս, հաւատա, աստղով կ՛լենայ,
Երբ կ՛երթամ պառկիլ բաց դաշտին վրայ,
Հեգնելու համար երազներն ու սէր…

«Ահ, դուն գինովի, դէմքըս չե՛ս տեսած.
Տժգոյն, անիմաստ, անյոյս ու վայրագ,
Երբ կ՛երթամ պառկիլ, երգով մ՛անառակ,
Լոյսէ անկողինս` լուսինէն փռուած…

«Ահ, դուն գինովի հոգիս տեսած չե՛ս,
Շէնշող ու տրտում, ժպտուն ու լալկան.
Արցունքէն մռայլ ի՜նչ ծիծաղներ կան…
– Գինովը կ՛ատեմ.- չըսե՛ս, քոյր, չըսե՛ս.

«Գինովը սիրէ, անոր սիրտը, քո՛յր,
Գեհեն մ՛է ցաւի, որ անվերջ կ՛այրի.
Գինովը Լքեա՛լն է, յոյսէն այրի,
Անոր կուրծքը հուր, ճակատն է մաքուր…»։

Այսպէս կ՛ըսէի ու դեռ շատ բաներ.
Երբ իրեն դարձայ` հոն չէր, զարմացայ.
Աչքերըս բացի, բաց դաշտին վրայ
Քնացեր էի. լուսինը կ՛իջնէր…

ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

                                            

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Յուլիս 1968)

Յաջորդը

Մայիսեան Յաղթանակի Ղօղանջներուն Արժանավայել Արձագանգը` Հալէպի Մէջ, Մասնակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Կիրօ Մանոյեանի Եւ Հայոց Բանակի Զինուորներուն

RelatedPosts

Գրկախառնութիւնները Օգտակար Են Առողջութեան
Կնոջական

Գրկախառնութիւնները Օգտակար Են Առողջութեան

September 10, 2026
Օգտակար Խորհուրդներ Մանուկը Ուսումնական Տարուան Պատրաստելու Համար
Կնոջական

Օգտակար Խորհուրդներ Մանուկը Ուսումնական Տարուան Պատրաստելու Համար

September 3, 2026
Փորձառուներու Կարծիքով…  Ինչպէ՞ս Ընտրել Առողջ Պտուղներ Եւ Բանջարեղէն
Կնոջական

Փորձառուներու Կարծիքով… Ինչպէ՞ս Ընտրել Առողջ Պտուղներ Եւ Բանջարեղէն

August 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.