ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Լուսինը ձեր աստղ հասնելով` ձեր վիճակը պիտի բարեփոխուի: Ձեր տրամադրութիւնը մեծ չափով պիտի փոխուի: Նոր լուրով մը պիտի ուրախանաք: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր թափը պիտի դանդաղի, բախտը պիտի չքանայ: Յանդիմանութիւն պիտի ստանաք ձեր թերութեան պատճառով: Մի՛ կապուիք ժամադրութեան, շարունակեցէք ձեր սովորական գործը, ուշադիր եղէք ուշացումէ եւ իրարանցումէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մինակ մի՛ զգաք: Պայմանները կը խոստանան զօրակցիլ ձեր շարժումներուն: Հանդիպումով մը պիտի ուրախանաք: Նոր դէմքերու պիտի ծանօթանաք: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր աշխատանքին մէջ մրցակցութիւնը պիտի նեղացնէ ձեզ: Պատրաստ եղէք ժամանակի պահանջներուն: Ձեր ծնողներէն մէկուն հարցով պիտի մտահոգուիք: Յառաջանալու լաւ առիթ մը պիտի ունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի ուրախանաք պտոյտով մը: Մէկուն խորհրդատու պիտի ըլլաք: Կարողութիւնը ունիք շտկելու կացութիւնը եւ զայն իր բնականին վերադարձնելու: Շարժելու յարմար ժամանակն է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրէնսդրական եւ բժշկական թուղթերուն մէջ մի՛ թերանաք: Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Կարողութիւնը ունիք քննարկելու եւ մանրամասնութիւնները փնտռելու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ջիղերուն տէր եղէք: Թշնամական կեցուածք մը պիտի դիմագրաւէք: Հարցեր մի՛ ստեղծէք եւ օրէնքը յարգեցէք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նոր գործ մը պիտի ստանձնէք: Ձեր առողջութեան հոգ պիտի տանիք: Առողջապահական սննդականոնի պիտի հետեւիք: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ: Վարպետութեամբ կարգաւորեցէք ձեր գործերը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հանգիստ ու ապահով պահեր պիտի ապրիք: Տրամաբանական միտքեր պիտի ունենաք: Դրական շրջան մըն է: Նոր հորիզոններու պիտի ծանօթանաք: Պիտի մտահոգուիք սիրելիի մը կամ ծանօթի մը վիճակով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընտանեկան եւ ընկերային ճնշումներ պիտի ապրիք: Պիտի նեղանաք ձեր սիրելիներուն անհասկացողութենէն: Անձնական հարց մը պիտի ունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այցելութիւնները եւ հեռաձայնային կապերը պիտի շատնան: Վարչական հարց մը պիտի հետապնդէք եւ լուծէք: Այս շրջանը կը պահանջէ կրկնապատկուած ճիգեր եւ աշխատանք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մթնոլորտը յարմար է ու քաջալերող, բայց պատասխանատուութիւնը մեծ է: Կարեւոր կապուածութիւն մը ունիք, չէք կրնար ձախողիլ: Ձեր նիւթական եւ բարոյական պայմանները բարելաւեցէք: Ուրախ լուրեր պիտի ստանաք:
