Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի Ա. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Սալամ Զղարթա յայտարարեց, որ իր կազմին միացուցած է ծագումով լիբանանցի երկու մեքսիքացի ֆութպոլիստներ:
Այդ երկու նորեկ յետսապահներն են Էմիլիօ Եամմին եւ Ալֆրետօ Ժըրէյտինի:
Երկու մարզիկները Սալամ Զղարթայի հետ նաեւ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն արաբական ախոյեանութեան, որմէ ետք եթէ ակումբը գոհ մնայ անոնցմէ, անոնք ելոյթ պիտի ունենան կազմին հետ:
Սալամ Զղարթայի հետ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած երկու մարզիկները նախապէս մաս կազմած են մեքսիքական քանի մը ակումբներու:



