Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Քորէան Տարակարծութիւններու Պատճառով Մերժած Է Միացեալ Նահանգներու Հետ Միացեալ Աշխատանքային Խումբ Ստեղծել

July 11, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգները եւ Հիւսիսային Քորէան չեն յաջողած միացեալ աշխատանքային խումբ ստեղծել, որովհետեւ կողմերը Քորէական թերակղզիի ամբողջական ապահիւլէականացման հարցին մէջ ամբողջովին տարբեր դիրքորոշումներ ունին:

«Կազեթա» կայքը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ պատմած է, թէ ամերիկեան կողմը աշխատանքային խումբ ստեղծած է, սակայն Փիոնկիանկի մէջ դէմ են միացեալ խումբի գաղափարին:

Պատճառը այն է, որ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ ամբողջական ծաւալով ու արագ ապահիւլէականացում, մինչդեռ Հիւսիսային Քորէան կողմ է փուլային, դանդաղ հոլովոյթին:

Յիշեցնենք, որ օրերս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այցելած է Փիոնկիանկ` քննարկելու համար ապահիւլէականացման հարցը: Փոմփէոյի համաձայն, Հիւսիսային Քորէա կատարած այցելութեան ժամանակ ինք ամենայն մանրամասնութեամբ քննարկած է ապահիւլէականացման հարցը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, թէ Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը թերակղզիի ապահիւլէականացման հոլովոյթը աւարտին հասցնելու նկատմամբ: Անոր համաձայն, Փիոնկիանկ կը պատրաստուի ոչնչացնելու հրթիռային շարժիչներու փորձարկման կեդրոնը:

Մինչդեռ Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարը Փոմփէոյի հետ հանդիպումին առնչութեամբ յայտնած է, որ ծայրայեղ դժգոհ է ատոր արդիւնքներէն: Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարին կարծիքով` 6-7 յուլիսին տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մէջ ամերիկեան կողմը «ապահիւլէականացման բացառապէս միակողմանի եւ կողոպտիչ պահանջներ» ներկայացուցած է, ինչ որ կը հակասէ Սինկափուրի վեհաժողովին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն:

«Ամերիկեան կողմը միայն միակողմանի եւ կողոպտիչ պահանջներ ներկայացուցած է ապահիւլէականացման համար` խօսելով ամբողջական, վերահսկուող եւ անդառնալի ապահիւլէականացման մասին», կ՛ըսուի Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Էրտողանի Փեսան` Ելեւմուտքի Նախարար. Թուրքիոյ Նոր Կառավարութեան Կազմը

Յաջորդը

Սուրիական Բանակը Իր Ամբողջական Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Յորդանանի Հետ Սահման Եղող Շրջանը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.