Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միջազգային Դաշինքը Սուրիա Պիտի Մնայ Մինչեւ Իր Առաքելութեան Աւարտը» Կ՛ըսէ Ճերարտ

July 10, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ Միջազգային դաշինքի յատուկ գործողութիւններու հրամանատար ՃԷյմս Ճերարտ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքը Սուրիա պիտի մնայ, մինչեւ այնտեղ քաղաքական հոլովոյթի աւարտը:

Ճերարտ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Մենք շատ լաւ գիտենք, թէ հակառակ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու կողմէ սուրիական շրջաններու ազատագրման, ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, եւ չարիքի հետքերը այդտեղ տակաւին գոյութիւն ունին»:

«Կ՛ուզենք Ռաքքայի եւ Մընպեժի բնակիչներուն օգնել վերականգնելու իրենց շրջաններուն մէջ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: Ուստի այդտեղ պիտի մնանք մինչեւ սուրիացիներուն հաւանութիւնը վայելող քաղաքական լուծումի հասնիլը», ըսաւ ան:

«Գոյութիւն ունին արտաքին կողմեր, որոնք աշխատանք կը տանին խանգարելու Միջազգային դաշինքին ու Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու միջեւ յարաբերութիւնները, Սուրիոյ այդ բաժինին մէջ անոնց արձանագրած մարտական յաջողութիւններէն ետք, եւ ամէն ջանք կը թափեն այդ յարաբերութիւնը խզելու: Ուստի, կը տեսնենք, որ Ռաքքայի բնակիչները կը շարունակեն կռիւ մղել, հակառակ արտաքին կողմերուն արգելք հանդիսանալու ջանքերուն: Ռաքքայի բնակիչները ներկայիս իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն քաղաքը աւելի լաւ վիճակի վերադարձնելու վրայ», յայտնեց ան:

Ճերարտ զգուշացուց Սուրիոյ մէջ Իրանի ստանձնած դերակատարութենէն` նշելով, որ անիկա կայունութեան հաստատման չի նպաստեր եւ ահաբեկչութեան աջակցութիւն կը նկատուի, ուստի պէտք է որոշենք, թէ իրանեան միլիսները ահաբեկչակա՞ն են, թէ՞ ոչ:

Նախորդը

Էրտողան Պաշտօնապէս Ստանձնեց Թուրքիոյ Նախագահի Պաշտօնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.