Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Այցելած Է Զանգեզուր. Վարչապետի Նախաձեռնութեամբ Ջերմուկի Մէջ Ամուլսարի Հանքի Շահագործման Թեր Եւ Դէմ Կողմերու Քննարկում

July 7, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատանքային այցելութեամբ Սիւնիքի մարզ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Զանգեզուրի պղնիձի եւ մոլիպտենի գործարան: Վարչապետը շրջագայած է հանքարդիւնաբերական ձեռնարկութեան տարածքին մէջ: Շրջագայութեան ընթացքին գործարանի ղեկավարները ներկայացուցած են ընթացիկ իրավիճակը, ցուցանիշներն ու զարգացման ծրագիրները: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր Մետիա»-ն:

Այնուհետեւ վարչապետը եղած է «Սիւնիք Ֆուտ» գործարան: Ընկերութեան ներկայացուցիչները տեղեկացուցած են, որ նոր ներդրողներու հետ համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք արդէն իսկ լուծուած են նիւթական խնդիրները, եւ յառաջիկային գործարանը պիտի սկսի ծաւալուն գործունէութեան` զբաղելով միրգի ու բանջարեղէնի պահածոներու արտադրութեամբ: Նշուած է, որ ընկերութեան մէջ պիտի ստեղծուի 300 նոր աշխատատեղ, իսկ արտադրանքը նաեւ պիտի արտահանուի:

Այցելութեան ծիրին մէջ վարչապետ Փաշինեան եղած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասերէն մէկուն մէջ` զրուցած զինուորներուն եւ սպայական անձնակազմին հետ, ծանօթացած ծառայողական ու կենցաղային պայմաններուն:

Ջերմուկ քաղաքին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնութեամբ, Ամուլսարի հանքը շահագործող «Լիտիան Արմենիա» ընկերութեան եւ շահագործման դէմ բողոքող քաղաքացիներու հանդիպման ընթացքին կողմերը չյաջողեցան ընդհանուր յայտարարի գալ:

Հայաստանի վարչապետը, ըստ «Արմէնփրես»-ի, կ՛առաջարկէր ժամանակ տրամադրել կառավարութեան ստուգումներ իրականացնելու, որմէ ետք արդէն հանքի շահագործումը կա՛մ պիտի վերսկսի, կամ այլ որոշում մը պիտի տրուի` կախուած արդիւնքներէն: Սակայն ցուցարարները կը պնդէին, որ այդ ընթացքին հանքը պէտք չէ  շահագործուի. «Լիտիան Արմենիա» ընկերութեան ներկայացուցիչները անընդունելի նկատեցին այս տարբերակը: Հանդիպումը աւարտեցաւ առանց որեւէ համաձայնութեան, ցուցարարները յայտնեցին, որ պիտի շարունակեն ցոյցերը:

Նախորդը

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Նախարար Արթուր Խաչատրեանը

Յաջորդը

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Տիտղոսակիր Մուկուրուցա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն` Պարտութիւն Կրելով Պելճիքացի Ույթվանքէն

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.