Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քննարկում Ազգային Ժողովին Մէջ` Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններուն Շուրջ

July 7, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 յուլիսին տեղի ունեցած է ընտրական օրէնսգիրքին գծով կազմուած Ազգային ժողովի աշխատանքային խումբի նիստ. նիստավար, «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան նշած է, որ առաջարկ պիտի ներկայացնէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը` աւելցնելով, որ արտախորհրդարանական ուժերը 15 օրուան առիթ ունին` ներկայացնելու իրենց առաջարկները: Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն, ՀՅ Դաշնակցութիւն եւ «Ելք» խմբակցութիւնները արդէն հանդէս եկած են առաջարկներով:

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջարկը ներկայացուցած է Սերկէյ Բագրատեան, որ  նշած է, թէ կ՛առաջարկեն 100 տոկոս  համամասնական փակ ընտրակարգ` իւրաքանչիւր մարզէ մէկական անդամ համապետական ցանկին մէջ ընդգրկելով:

«Մինչեւ 300 հոգիէ բաղկացած ցանկի աւարտին, ըստ մարզերու մեծութեան, կ՛ամբողջացուին թեկնածուները, եւ կարելիութիւն կը ստեղծուի մարզէն մինչեւ 10 թեկնածու գոյութիւն ունենալու», ըսած է ան:

ՀՅԴ-ն ներկայացնող Սպարտակ Սէյրանեան նման պահանջին դէմ էր, քանի որ եթէ խորհրդարանի որակի հարցը կը քննարկուի, ուրեմն պէտք չէ այդ սկզբունքով ընթանալ:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան արձագանգած է, թէ քննարկումներէն կը համոզուի, որ լաւագոյն առաջարկը իրենցն է` 100 տոկոս համամասնական բաց ցուցակներ: «Ժողովրդավարութիւնը լաւ չէ, բայց անկէ լաւ բան ոչ ոք յօրինած է, ըստ ժողովուրդի փափաքին կ՛որոշուի Ազգային ժողովը, որուն միջոցով կը ճշդուի` ո՛ր կուսակցութիւնը եւ յատկապէս ո՛վ պիտի ընդգրկուի Ազգային ժողովին մէջ:

«Մեր առաջարկը` բաց ցանկի, լաւագոյն ուղին է, մէկ ծայրայեղութենէն միւսին մէջ չիյնանք, ժողովուրդը յստակ քուէարկութեամբ կը ճշդէ, թէ Դաշնակցութենէն ո՛վ կ՛ուզէ ընտրել: Հիմա մենք եկած կը բռնանանք, կը պահանջենք, որ ժողովուրդը իր փափաքը չյայտնէ», ըսած է Ռուստամեան:

 

Նախորդը

Նախարար Արծուիկ Մինասեան Հանդիպում Ունեցած Է Համաշխարհային Դրամատան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Նախարար Արթուր Խաչատրեանը

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.