Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Գիրքեր

July 7, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պետրոս Դուրեան.
«Աստղերու Հեղեղ»

Պետրոս Դուրեան… Արեւմտահայ գրականութեան ամենասիրուած հեղինակը` թերեւս, որուն բազմաթիւ անգամներ տպագրուած գործերը` «Տրտունջք»-ը, «Լճակ»-ը, «Թրքուհին»-ը եւ միւսները գոց կ՛արտասանեն նոյնիսկ անոնք, որոնք հազիւ հայկական դպրոց մը աւարտած են, ապա չեն առնչուած հայ կեանքին: 21 տարեկան ծաղիկ հասակին թոքախտի պատճառով կեանքէն հեռացած կեանքով լեցուն այս բանաստեղծը իր ստեղծագործութիւններով հանդիսացած է հայ գրականութեան զարգացման անկիւնաքարերէն մէկը` բազմաթիւ անգամներ իրաւամբ համեմատուելով համաշխարհային գրականութեան տիտաններուն հետ: Դուրեանի խորունկ զգացմունքայնութիւնը, անհատի նուրբ ապրումները պատկերելու տաղանդը, մահուան` արուեստով յաղթելու հանճարեղութիւնը զինք եզակի հեղինակի մը վերածելու քանի մը ազդակներէն օրինակներ են միայն:

Դուրեանի երկերուն այս նոր հրատարակութիւնը` «Աստղերու հեղեղ»-ը կը բովանդակէ հեղինակին բանաստեղծութիւնները, յօդուածներն ու նամակները` տրուած ծանօթագրական ճոխ տեղեկութիւններով, ինչպէս նաեւ` կենսագրական հարուստ տուեալներով:

Հրատարակութիւնը նախատեսուած է ո՛չ միայն համայնքային դպրոցներու ուսուցիչներուն ու աշակերտութեան համար, այլ նաեւ` բոլոր անոնց համար, որոնց հոգիներէն ներս վառ կը մնայ Պետրոս Դուրեանի հանդէպ սէրը, ինչպէս նաեւ` առհասարակ բանաստեղծութեան նկատմամբ վառ հետաքրքրութիւնը:

Պետրոս Դուրեան ծնած է 20 մայիս 1851-ին, Սկիւտար: Յաճախած է երբեմնի համբաւաւոր Ճեմարանը, զոր աւարտած է 1867-ին: Կ՛աշխատի տարբեր վայրերու մէջ: Այդ տարիներուն կը յօրինէ իր անդրանիկ պատմական թատերախաղը: Հետզհետէ բեմ կը հանուին նաեւ միւս թատրերգութիւնները, որոնց ներկայացումներուն ներկայ կ՛ըլլար անձամբ:

1869-ին Դուրեան ճանաչում կը գտնէ նաեւ որպէս բանաստեղծ ու հրապարակագիր: Կը հրատարակուի «Ձօն առ Հայրիկն Խրիմեան ազգասէր նորընտիր պատ. Կ. Պոլսոյ» բանաստեղծութիւնը:

Պետրոս Դուրեանի մօտ թոքախտը ի յայտ կու գայ 1871-ին: Կը մահանայ 21 յունուար 1872-ին:

Բանաստեղծի մահէն ետք կը տպագրուին իր երկերը, եւ գոյացած գումարով կը կանգնեցուի դամբարանը, 1874-ին: Տապանագիրի հեղինակն է 14-ամեայ եղբայրը` Միհրանը (հետագային` Եղիշէ արք. Դուրեան):

Զապէլ Եսայեան. «Շնորհքով Մարդիկ»
Եւ «Հլուները Եւ Ըմբոստները»

«Արաս» հրատարակչատունը կը շարունակէ գրականութեան մասնագէտներուն եւ ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել Ի. դարու արեւմտահայ գրականութեան տիրական դէմքերէն Զապէլ Եսայեանի ստեղծագործութիւնները: Եսայեանի անդրանիկ` «Սպասման սրահին մէջ» վէպը առաջին անգամ առանձին հատորով տպելէ ետք, «Արաս»ը այժմ այլ հատորով կը ներկայացնէ «Շնորհքով Մարդիկ» եւ «Հլուները եւ ըմբոստները» վէպերը:

Առաջինը` «Շնորհքով մարդիկ»-ը, տպուած է Պոլիս, 1907-ին, «Սագայեան» տպարանէն, իբրեւ «Նշան Պապիկեան» մատենադարանի հրատարակութիւն:

Վէպը կը պատմէ անցեալին ամիրայական վերնախաւին պատկանող պոլսեցի ընտանիքի մը մութին մնացած պատմութիւնը, անոր գաղտնիքները եւ կը բացայայտէ ներքին փտածութիւնը:  Սկիւտարի ու Բերայի մէջ ընթացող պատումը կը հիւսուի Յակոբի ու Զարուհիի շուրջ: Վէպին գլխաւոր կերպարները մարդիկ չեն միայն, այլ նաեւ Պոլսոյ գեղեցկութիւնները` Չամլըճան, Ոսկեղջիւրի ու Վոսփորի տեսարանները: «Շնորհքով մարդիկ» վէպը տպագրուած է նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ, 1959-ին:

Գիրքին մէջ տեղ գտած միւս վէպը կը կոչուի «Հլուները եւ ըմբոստները», որ առաջին անգամ կը հրատարակուի առանձին հատորի մը մէջ: Համիտեան բռնապետութեան շրջանէն պոլսահայ իրականութենէն դրուագ մը պատկերող կիսաւարտ այս վէպը իբրեւ թերթօն նախ տպագրուած է 1906-ին, Լեւոն Լարենցի խմբագրութեամբ Եգիպտոս հրատարակուող «Ազատ Բեմ» հանդէսին մէջ:

Զապէլ Եսայեան գործածած է Շահան ծածկանունը: Վէպէն ընդարձակ հատուած մը հետագային` օսմանեան սահմանադրութեան վերահռչակումի օրերուն, լոյս տեսած է նաեւ «Ձայն հայրենեաց»-ին մէջ, զոր Լեւոն Լարենց սկսած էր խմբագրելու Պոլսոյ մէջ:

Բացի այս վէպերէն` հատորի աւարտին զետեղուած է ֆրանսահայ գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանի «Երկու վէպեր» խորագրեալ վերջաբանը եւ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի մէկ ուսումնասիրութիւնը, ուր ցոյց կը տրուին «Շնորհքով մարդիկ» վէպին պոլսական ու խորհրդային հրատարակութիւններուն տարբերութիւնները:

Զապէլ Եսայեանի նոր հատորը, որուն կողքին վրայ տպուած է Կարապետ Եազմաճեանին մէկ գեղանկարը, հասցէագրուած է դպրոցական բարձր տարիքի պատանիներուն, ինչպէս նաեւ` ընթերցող լայն շրջանակներու:

Զապէլ Եսայեան, բուն անունով` Զապէլ Յովհաննէսեան, ծնած է 1878-ին, Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ս. Խաչ վարժարանին մէջ: Տասնեօթը տարեկանին գացած է Փարիզ եւ հետեւած` Սորպոնի գրականութեան դասընթացքներուն: Այնտեղ ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանին հետ: Գրական իր նախափորձերը կատարած է Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» թերթերուն մէջ: Փրկուած է Մեծ Եղեռնէն` փախչելով Պուլկարիա եւ անկէ անցնելով Կովկաս, ուր տարած է հանրային եւ ազգային կեանքը շահագրգռող աշխատանք: 1920-էն ետք անցած է Եւրոպա: Ազգային գործունէութեան առընթեր, զբաղած է նաեւ գաղթականներու եւ որբերու տեղաւորման հարցերով: 1927-ին կ՛այցելէ Խորհրդային Հայաստան եւ Փարիզ վերադարձին կը հրատարակէ «Պրոմէթեոս Ազատագրուած» հատորը:

1933-ին կը տեղափոխուի Երեւան եւ հոն կը շարունակէ իր գրական գործունէութիւնը: Կը պաշտօնավարէ պետական համալսարանին մէջ` իբրեւ դասախօս, աւանդելով արեւմտեան երկիրներու գրականութեանց պատմութիւն: 1937-ին կ՛աքսորուի` դառնալով ստալինեան բռնութիւններուն զոհը: Հետագային կը յայտարարուի, որ ան մահացած է 1943-ին:

 

Նախորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Արմէն Գարոյի Կիսանդրիի Բացում

Յաջորդը

«Գործ Եւ Գանձ» Հատորին Շնորհահանդէսը Տնտեսական Նիւթերու Արծարծման Առիթ Հանդիսացաւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.