Երկու օրուան դադարէ եւ հանգիստէ ետք, այսօր` ուրբաթ, 6 յուլիսին, կը վերսկսին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին ճակատումները, երբ կը կատարուին քառորդ աւարտականի առաջին երկու հանդիպումները: Մնացեալ երկուքը տեղի կ՛ունենան վաղը:
Այսօրուան առաջին մրցումին, ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), իրարու դէմ պիտի մրցին Ուրուկուէյ եւ Ֆրանսա:
Իսկ ժամը 21:00-ի ճակատումը իրարու դէմ պիտի հանէ Պրազիլը եւ Պելճիքան:
Ուրուկուէյ – Ֆրանսա մրցումը տեղի պիտի ունենայ Նիժնի Նովկորոտի դաշտին վրայ, իսկ օրուան կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ արժանթինցի Նեսթոր Փիթանա:
Թէ՛ Ֆրանսայի մարզիչ Տիտիէ Տեշան եւ թէ՛ Ուրուկուէյի մարզիչ Օսքար Թապարեզ պիտի փորձեն դաշտ ներկայացնել իրենց զօրաւոր կազմը` յաղթանակ արձանագրելու եւ ապահովել կարենալու համար կիսաւարտականի տոմս մը:
Իսկ Պելճիքա – Պրազիլ մրցումին իրաւարարն է Միլորատ Մազիչ (Սերպիա): Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քազանի մարզադաշտին վրայ:
Պրազիլի մարզիչն է Թիթէ, իսկ Պելճիքայի մարզիչը` Ռոպերթօ Մարթինեզ:


