Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Եիւրկըն Քլինսման շատ հաւանաբար ստանձնէ Ճափոնի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը, կը յայտնէ «Ի. Էս. Փի. Էն.» մարզական պատկերասփիւռի կայանը:
Ճափոնի այժմու մարզիչն է Ամիրա Նիսինօ, որուն պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս ամսուան վերջաւորութեան: Կը կարծուի, որ անոր ապագային գծով որոշում մը պիտի յստականայ այս շաբաթ:
Սակայն կարգ մը այլ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Քլինսման կը փափաքի գլխաւորել ֆրանսական Նանթը:
Քլինսման եղած է Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին աստղերէն:



