Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կը պատրաստուի տեղափոխուելու Եուվենթուս` նկատի ունենալով, որ ըստ «Մարքա»-ի, ան տուն կը փնտռէ Թորինոյի մէջ:
Նշուեցաւ, որ 33 տարեկան փորթուգալցին կը փափաքի փոխադրուիլ նոր կազմ մը:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, Եուվենթուս պատրաստ է անոր փոխանցման համար վճարելու 120 միլիոն եւրօ, իսկ ֆութպոլիստին տարեկան վարձատրութիւնը բարձրացնելու 30 միլիոն եւրոյի:
Սկզբունքով, երէկ յատուկ ժողով մը տեղի պիտի ունենար Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի եւ Ռոնալտոյի գործակատարին միջեւ:



