Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, ՖԻՖԱ-ն խստօրէն քննադատեց արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնան, որ 2018-ի մոնտիալին գծով տեղի ունեցած Անգլիա – Քոլոմպիա մրցումին կեդրոնի իրաւարար, ամերիկացի Մարք Կայկըրի հասցէին ուղղած էր անվայել խօսքեր` նշելով, որ ան իսկական գող մըն է, իսկ անոր սուլիչներն ու տուած որոշումները եղած են օրինակելի կողոպուտ:
Այս մոնտիալին Մարատոնա ՖԻՖԱ-ի հրաւիրեալներէն մէկն էր:
Սակայն ՖԻՖԱ-ն այդ հրաւէրը դադրեցուց` նկատի ունենալով, որ արժանթինցի նախկին աստղը Նիկերիա – Արժանթին մրցումէն ետք ձեռքի անքաղաքավար շարժումներ կատարած էր նիկերիացի համակիրներուն ուղղութեամբ:
Յայտնենք նաեւ, որ երէկ Մարատոնա ներում հայցեց իր կատարած յայտարարութիւններուն համար:



