Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ, անդրադառնալով Ֆրանսայի դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումին ըսաւ.
«Շատ հաւանաբար քիչ մը դժուար մրցում մը ունինք կատարելիք, բայց կ՛ուզենք մեր ճամբան շարունակել` պատմութիւն կերտելու համար: Մեր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը ըլլալով` կ՛ուզենք բոլոր ուրուկուէյցիներուն երազը իրականացնել եւ հանդիսանալ աշխարհի ախոյեան»:



