ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը: Տըրիան բարձր գնահատեց բանակին եւ անոր հրամանատարութեան դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնը ամրապնդելու աշխատանքին մէջ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած նոր սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը մնացած է նոյնը, իսկ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 100 լ. ոսկիով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Լիբանան լաւ վիճակի մէջ չէ, իսկ վարչապետ Սաատ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ամէնէն մօտիկ ապագային կառավարութիւն մը կազմելու:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ կառավարութենէն դուրս մնալու պարագային իրենք «սուփըր» ընդդիմութիւն պիտի ըլլան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան մասին ոչ մէկ համաձայնութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր պէտք է համեստ ըլլան իրենց պահանջներուն մէջ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Մաալուֆ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով պէտք է մէկ չափանիշ որդեգրուի` հիմնուելով երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի հաստատեց, որ կարելի չէ սուրիացի տեղահանուածները անպատսպար ձգել` առանց անոնց պատսպարան ապահովելու:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ ընդգծեց, որ պէտք է երկրին քաղաքական ուժերուն ներկայացուցած իսկական կշիռը յարգել: «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պէտք է ներկայացուի իր չափին ու կշիռին համաձայն», ըսաւ ան:
ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը կը շարունակեն հետապնդել տեղահանուածներու յատուկ գաղթակայաններուն մէջ բնակողները` աւելցնելով, որ տեղահանուածներուն տունդարձը պէտք է ըլլայ ապահով:
«ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, 450 սուրիացի տեղահանուածներ շաբաթ, 7 յուլիսին Արսալէն պիտի մեկնին Սուրիա:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Քֆարշուպայի մէջ ական մը պայթեցուց` պահպանելու համար երկրագործներուն անվտանգութիւնը:
ԱՄԱԼ շարժումի գործադիր խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Նասրալլա հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան չափանիշներու ճշդումը կ՛օժանդակէ կառավարութեան կազմութեան հեզասահ հոլովոյթին:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ Հըզպալլա որոշած է իր մարտիկներուն կէսը Սուրիայէն Լիբանան վերադարձնել:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հանդիպումը անպայմանօրէն պահանջուած նախարարական չափաբաժիններու սրբագրութիւնը չի նկատուիր:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները վերագրելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներուն, կը գրէ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կը հաւատայ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Լեռնալիբանանի միակ կառավարիչը չէ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հանդիպած են եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդած:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ վատ յարաբերութիւնները կը հաստատեն, որ Մեհրապի համաձայնութիւնը վերականգնելու փորձը անյաջող պիտի ընթանայ:


