Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համատէ Յայտարարեց Պաքալորէայի Պետական Քննութեան Յաջողութեան Համեմատութիւնները

July 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց պաքալորէայի պետական քննութեան յաջողութեան համեմատութիւնները:

Համատէ նշեց, որ պաքալորէայի ընդհանուր գիտութիւններու բաժանմունքի յաջողութեան համեմատութիւնը հասած է 92 առ հարիւրի, ընկերային եւ տնտեսական գիտութիւններու բաժանմունքինը` 83 առ հարիւրի, կենսաբանութեան բաժանմունքի յաջողութիւնը` 92 առ հարիւրի, իսկ գրականութիւն եւ մարդկային գիտութիւններու բաժանմունքի յաջողութիւնը` 80 առ հարիւրի:

Համատէ յայտնեց, որ պաքալորէայի վերաքննութիւնը պիտի սկսի 31 յուլիսին` աւելցնելով, որ կրթութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ կը ճշդէ քննութիւններուն օրերն ու ընդգրկած նիւթերը եւ կը յայտարարէ այդ մասին:

Նախարար Համատէ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն պաքալորէայի յաջողութիւնը կրակոցով չտօնելու, որպէսզի մէկուն յաջողութեան համար ուրախութիւնը ուրիշի մը դժբախտութեան պատճառ չդառնայ:

Համատէ անդրադարձաւ պաքալորէայի չորս բաժանմունքներուն պարագային արձանագրուած առաջնութիւններուն` աւելցնելով, որ ընդհանուր գիտութիւններու բաժանմունքի պարագային Ժիլպեր Էլի Ֆրայհա, ընկերային եւ տնտեսական գիտութիւններու բաժանմունքի պարագային Սանտրա Սամի Ապտել Պաքի, կենսաբանութեան բաժանմունքէն Մարիա Մոհամետ Օլուան եւ գրականութիւն եւ մարդկային գիտութիւններու բաժանմունքի պարագային Միրա Ղազի Հալապի Լիբանանի մէջ բարձրագոյն միջինները ապահոված են:

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց Ամշիթի Միջազգային Փառատօնին

Յաջորդը

Հարիրի Ռիաշիի Եւ Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.