Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Մանուկեանի Արձանի Պաշտօնական Բացումը Չեղեալ Նկատելը Անխոհեմ Քայլ Պիտի Ըլլայ

July 2, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արամ Մանուկեանի արձանի բացումը այլընտրանք չունի» քաղաքացիական նախաձեռնութեան հրաւէրով բազմաթիւ մարդիկ 1 յուլիսին, ի զօրակցութիւն Արամ Մանուկեանի արձանի պաշտօնական բացման, հաւաքուած էին Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ, Երեւանի մեթրոյի «Հանրապետութեան հրապարակ»-ը:

Նախաձեռնութեան անդամներէն Սեւակ Նազարեան դիտել տուած է, որ արձանի տեղադրման գծով ստեղծուած է արհեստական եւ ուշացած աղմուկ, սակայն կայ այն իրողութիւնը, որ պէտք է պաշտօնապէս բացումը կատարել արձանին այն մարդուն, որ համազգային պետականութեան կերտման մէջ ունեցած է առանցքային դեր, որուն միջոցով պիտի արժեւորուին առաջին հանրապետութեան հիմնադիր բոլոր այրերը` իբրեւ մեր պետականութեան իրական արժէքներ:

Ըստ անոր, տարիներ շարունակ խօսուած է Արամ Մանուկեանի արձանի կանգնեցման մասին, իսկ այսօր` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութենէն 100 տարի ետք կարելի եղած է ձեռք բերել այս առիթը: «100 տարի անց մենք վերջապէս կրցանք կանգնեցնել արձանը մարդու մը, որուն պարտական ենք մեր հայրենիքի կերտման, մեր անկախութեան եւ պետականութեան գոյութեան համար», իսկ այսօր պէտք է ենթակայական կարծիքները մէկդի դնել եւ առիթ տալ նոր սերունդին, որ Երեւանի փողոցներով քալած ատեն միշտ տեսնէ Արամին արձանը եւ հպարտանայ անով, հասկնայ, որ ան կրողն է արժեհամակարգի մը` պետական բարձր գաղափարախօսութեան, որուն առաջամարտիկներէն մէկն էր Արամը:

Նախաձեռնութեան անդամներէն պատմաբան Խաչատուր Ստեփանեան եւս համառօտ ներկայացուցած է Արամ Մանուկեանի պատմական կերպարը, անոր դերը մեր պատմութեան եւ պետականութեան կերտման մէջ` դիտել տալով, որ ցաւալի է ցարդ անոր արձանի չգոյութիւնը: Ըստ անոր, այս արձանը անցած է անհրաժեշտ բոլոր փուլերը:

Անոր համաձայն,  իրենք չեն քննարկեր արձանի գեղագիտական կողմը: «Արձանը կայ, տեղադրուած է, այսուհետեւ արձանի տեղադրման վայրի քննարկումները, արձանի պաշտօնական բացումը չեղեալ նկատելը յարիր չէ բոլորիս: Արամ Մանուկեանը համապետական գործիչ է, եւ արժանի է համազգային վերաբերմունքի: Անոր արձանը պէտք է անպայման պաշտօնապէս բացուի, անոր արձանով պէտք է նոր սերունդը ոգեւորուի: Կասկածի տակ չդնելով ընդդիմադիրներուն խօսքերը` արձանը կարելի էր աւելի լաւ վայրի մէջ տեղադրել` նոյնինքն Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ այս արձանի բացումը պէտք չէ ըլլայ: Մեր քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը հետամուտ պիտի ըլլայ, որ արձանի պաշտօնական բացումը անպայման տեղի ունենայ», եզրափակած է ան:

 

 

Նախորդը

Մարսէյի Մէջ Կատարուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի Յուշակոթողի Բացումը

Յաջորդը

Հայկական Զինուժը Թոյլ Չէ Տուած Ազրպէյճանցիներուն Նախիջեւանի Ուղղութեամբ Դիրքային Ամրապնդման Աշխատանք Կատարել. Եղած Է Փոխհրաձգութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.