Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ գիշեր ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հետ առնչուող հարցեր: Քննարկումը շարունակուեցաւ Պասիլի ի պատիւ սարքուած ընթրիքի սեղանի շուրջ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի նախանցեալ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթիի, Ֆուատ Սինիորայի եւ Թամմամ Սալամի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:
Վարչապետ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն նշուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին արծարծուած թղթածրարներուն մասին Հարիրի եւ նախկին վարչապետները նոյն տեսակէտները արտայայտած են:
Ըստ հաղորդագրութեան, մթնոլորտը եղած է համախոհական, եւ բոլորը հաստատած են Հարիրիի հետ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր նկատմամբ ցուցաբերուելիք զօրակցութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի ան կարենայ կազմել Լիբանանի նոր կառավարութիւնը:
Կը նախատեսուի, որ վարչապետ Հարիրի այս շաբթուան ընթացքին ընտանեկան պատճառներով քանի մը օր պիտի բացակայի Լիբանանէն, եւ վերադառնալէ ետք պիտի շարունակէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:



