Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց Պքերքէի մէջ մատուցուած պատարագին:
Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը հաշտութեան կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն` մաղթելով, որ անոնց հաշտութեան առաջին նուաճումը ըլլայ կառավարութեան կազմութիւնը:
Ան հաստատեց, որ պէտք է կազմել բարեկարգումներու գործադրութեան կարողութիւն ունեցող կառավարութիւն մը, որուն կարելի է վստահիլ երկրին բարգաւաճումը:
Ան ընդգծեց, որ մերժելի է կազմել այնպիսի կառավարութիւններ, որոնց ներկայացուցիչները կը մտածեն միայն երկրին բարիքները իրարու միջեւ բաժնեկցելու մասին:
Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ նաեւ բնակարանային վարկերու հարցը հետապնդող «Լիբանանցի երիտասարդներուն զօրակցող միութեան» գործունէութեան` մեծապէս գնահատելով միութեան գործունէութիւնը` բնակարանային վարկերու հարցին լուծման տարբերակներ տրամադրելու առումով:
«Կը մաղթէինք, որ լիբանանցի պատասխանատուները բնակարանային վարկերու փոխատուութիւնը կասեցնելու փոխարէն, ջանքեր ի գործ դնէին բնակարաններուն հարցը լուծելու ուղղութեամբ, որպէսզի օժանդակէին լիբանանցի երիտասարդներուն պսակուելու եւ ընտանիք կազմելու», ըսաւ ան` վերահաստատելով, որ իրենք կը քաջալերեն այդ միութեան գործունէութիւնն ու ճիգերը:
Ռայի պատրիարքը ողջունեց Աքուրայի քաղաքապետն ու անոր թաղապետերը` ցաւ յայտնելով, որ Աքուրայի եւ Եամմունէի բնակչութեան միջեւ բախումներ արձանագրուած են կալուածներու հարցերուն պատճառով:
Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց Աքուրայի քաղաքապետարանին ոստիկանութեան դէմ գործուած յարձակումը` պահանջելով յանցագործները յանձնել լիբանանեան իշխանութիւններուն:
Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց, որ Աքուրայի եւ Եամմունէի հարցը լուծելու համար վերադառնան 16 նոյեմբեր 1936-ի որոշումին, որ տրուած էր դատախազ Ապտօ Ապու Խէյրի կողմէ, եւ ըստ այնմ ճշդեն շրջաններուն սահմանները:



