Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 79-րդ Շրջանային Ժողովի

July 2, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կազմակերպութեան Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ 22, 23 եւ 24 յունիսին, Փարիզի մէջ: Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի բոլոր շրջաններէն մասնակցող պատգամաւորները ճշդեցին յառաջիկայ երկու տարիներու առաջնահերթութիւնները:

Սոյն Շրջանային ժողովը կ՛արձանագրուի քաղաքական նոր պարունակի մը մէջ` ի տես Հայաստանի մէջ 2018-ի գարնան տեղի ունեցած յեղափոխութեան իբրեւ արդիւնք իշխանութեան հասած կառավարութեան, ուր միաժամանակ Ազրպէյճան շեշտաւորեց Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեանց ուղղուած իր սպառնալիքները:

Շրջանային ժողովը ողջունեց այն փաստը, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յանձնառու եղած է, կառավարութեան մասնակցելով, աշխուժ կերպով աշխատելու ի նպաստ Հայաստանի յառաջդիմութեան, ի մասնաւորի տնտեսութեան եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններուն գծով, որոնք արդիւնք են ՀՅ Դաշնակցութեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ կայացած համագործակցութեան համաձայնութեան:

ՀՅ դաշնակցութեան Շրջանային ժողովը արձանագրեց աշխուժ աշխատանք տանելու կարեւորութիւնը յաջողութեան համար

ֆրանսախօսութեան համաշխարհային գագաթնաժողովի, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, 11 եւ 12 հոկտեմբերին, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Մաքրոնի ներկայութեամբ, եւ որուն զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ համաշխարհային տարողութեամբ տնտեսական տօնավաճառ: Միաժամանակ յստակ որոշում կայացուց իր մասնակցութիւնը բերելու Արմաւիրի շրջանի զարգացման աշխատանքներուն:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է զգուշաւոր ըլլալ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ազրպէյճանական ճղճիմ քարոզչութեան կապակցութեամբ, եւ որ յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ իշխանութիւններու ու Պաքուի կաշառասուն իշխանութեան միջեւ յարաբերութիւններուն նկատմամբ: Ժողովը իր զօրակցութիւնը յայտնեց այն քաղաքապետարաններուն, որոնք բարեկամութեան համաձայնագիրներ ստորագրած են Արցախի Հանրապետութեան հետ, յառաջիկայ քաղաքապետական ընտրութիւններու հեռանկարով, որոնց ուղղութեամբ զօրաշարժի պիտի ենթարկուի ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Միւս կողմէ, ժողովին պատգամաւորները ընդգծեցին եւրոպական ընտրութիւններուն առիթով նպատակասլաց աշխատելու կարեւորութիւնը` գործուն մասնակցութիւն բերելու համար եւրոպական նախագիծի ամրապնդման, որ կանոնաւոր կերպով խիստ դժուարութիւններու կը մատնուի Եւրոպայի մէջ իրենց ազդեցութիւնը տարածել միտող թուրքեւազերիական փորձերուն հետեւանքով: Նմանապէս Շրջանային ժողովը հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ մերժել` ժխտողականութիւնը Արեւմտեան Եւրոպա ներմուծելու Էրտողանի փորձերը:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ըլլալով Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (ՖԿՀԽ) հիմնադիր եւ գործուն անդամ, կը փափաքի նոր հանգրուան մը արձանագրել ֆրանսահայ գաղութին ծառայող այս կազմակերպութեան զարգացման ընթացքին մէջ: Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մեր շրջանները նկատեցին, որ ՖԿՀԽ-ն յաջողած է իր առաքելութեան մէջ եւ օրինակելի փորձ մըն է միութենական համագործակցութեանց տեսանկիւնէն:

Շրջանային ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի ինն հոգինոց նոր կազմ, որուն ներկայացուցիչը եւ փոխներկայացուցիչն են հերթաբար` Շարլ Փափազեան եւ Յովսէփ Տէր Գէորգեան: Կազմի միւս անդամներն են` Մուրատ Արսլանեան, Ժիւլ Պոյաճեան, Միքայէլ Ղազարեան, Տիգրան Շահմիրեան, Մարիէթ Կարապետեան, Արմէն Սերոբեան, Հրաչ Վարժապետեան:

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ 79-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

Փարիզ, 25 յունիս 2018

 

Նախորդը

«Եւրոպական Խորհրդարանը Յաջորդ Ամիս Կը Վաւերացնի ՀՀ-ԵՄ Համաձայնագիրը». Գասպար Կարապետեան

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ո՞ւր Կրնան Հասնիլ Թուրքիոյ Նախագահին Նկրտումները

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.