Թարակունայի մէջ (Սպանիա) շարունակուող Միջերկրականեան 18-րդ խաղերուն ծիրին մէջ, ժիւտոյի մրցումներուն Նասիֆ Էլիաս (90 քկ եւ վար) ձախողեցաւ պրոնզ մետալի մը տիրանալ, երբ իր կատարած վերջին մրցումին պարտութիւն մը կրեց աշխարհի դասաւորման 28-րդ դիրքը գրաւող իտալացի իր մրցակիցէն` Նիքոլաս Մանկայէն:
81 քկ եւ վար դասակարգին մէջ իր կարգին պարտութիւն կրեց Լիբանանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Սթիւըն Ազար (դասուած` 306-րդ), թունուզցի Ապտել Ազիզ Պըն Ամմարէն (դասուած` 37-րդ):
Թեքուանտոյի մրցումներուն իրենց կարգին Աննա Հատտատ (49 քկ) եւ Լեթիսիա Աուն (57 քկ) չկրցան արդարացնել իրենց վրայ դրուած յոյսերը:
Թենիսի տղոց զոյգի մրցումներուն, Հետի Հապիպ – Ճիովանի Սըմահա զոյգը չկրցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը:
Իսկ տղոց անհատական մրցումներուն, Հետի Հապիպ չկրցաւ քառորդ աւարտականի տոմս մը ապահովել:



