Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքչի յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի չհնազանդի Միացեալ Նահանգներու` Իրանի հետ քարիւղային առեւտուրը դադրեցնելու պահանջին: Ան պնդեց, որ պիտի շարունակեն քարիւղ ներմուծել, նոյնիսկ եթէ ՄԱԿ-ի պատժամիջոցներուն մասին որոշում ըլլայ: «Մենք պիտի առաջնորդուինք մեր շահերով», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ մինչեւ 4 նոյեմբեր ժամանակ տուած է իր դաշնակիցներուն` դադրեցնելու Իրանէն քարիւղի ներմուծումը:
Թուրքիա, որ Ուաշինկթընէն զգուշացում ստացած է նաեւ ռուսական «Էս.-400» պաշտպանական համակարգերու ձեռքբերման գործարքին առնչութեամբ, իր աջակցութիւնը յայտնած է Իրանին:
Աւելի կանուխ Հնդկաստան յայտարարած էր, որ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ միայն ՄԱԿ-ի սահմանած պատժամիջոցներուն, այլ ոչ թէ առանձին պետութիւններու սպառնալիքներուն:



