Եւրոպական յանձնաժողովը պատրաստ է «շտապ» սկսելու Ալպանիոյ եւ Մակեդոնիոյ հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքը: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհանես Հան, երբ դաշինքի անդամները «կանաչ լոյս տուին» արեւմտեան պալքանեան պետութիւններուն առջեւ:
Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները երկու երկիրներէն պահանջեցին նախքան յաջորդ տարի կայանալիք առաջին բանակցութիւնները ցոյց տալ բարեփոխումներու յառաջընթացը:
Բանակցութիւնները պիտի սկսին յունիս 2019-ին, եթէ Եւրոպական Միութեան անդամները նկատեն, որ երկու երկիրներուն մէջ բաւականաչափ բարեփոխումներ իրականացուած են դատաիրաւական եւ ապահովութեան ծառայութեան մարզերուն մէջ:



