Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Մանուկեանի Արձանը Տեղադրուեցաւ

June 29, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Մանուկեանի արձանին հիմնական բաժինը 28 յունիսին տեղադրուեցաւ նախապէս որոշուած վայրը` Արամի եւ Նալբանդեան փողոցներուն հատման կէտին վրայ` մեթրոյի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանի վերի տարածքին մէջ:

Եւ որպէսզի վերջ դրուի արձանի տեղադրման վայրին առնչուած խօսակցութիւններուն, խումբ մը երիտասարդներ կատարեցին, արդէն գրեթէ պատրաստ արձանին, իրենց բնութագրութեամբ, ոչ պաշտօնական բացումը:

«Ասիկա առաջին օրն է, որ Արամ Մանուկեանի արձանը վեր խոյացած է Հայաստանի մայրաքաղաքի սրտին մէջ, ատոր համար մենք բոլորս պէտք է զիրար շնորհաւորենք եւ ըսենք, որ դեռ կայ Արամի տուն-թանգարանի բացման խնդիր, դեռ կայ Ա. Հանրապետութեան թանգարան հիմնելու գաղափարը, որուն համար բոլորս պէտք է պայքարինք», ըսած են երիտասարդները:

«Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ճարտարապետ Համլեթ Մարտիրոսեան` անդրադառնալով Քաղաքաշինութեան կոմիտէի տարածած յայտարարութեան, ըսած է, որ հանրային քննարկում կը կատարուի արձանի տեղադրման վայրը որոշելու ատեն: «Բայց չէ՞ որ մրցում յայտարարուած էր, եւ արդէն քաղաքապետարանի աւագանին որոշած է, որ այս վայրին մէջ պիտի կանգնեցուի արձանը: Մրցումի առաջին փուլին ոչ ոք յաղթած է, երկրորդ փուլին յաղթողը սկսած է իր աշխատանքներուն. աննախադէպ քանդակ է` երեք գոյնի քարով: Այսօր նաեւ պրոնզաձուլուածը կը տեղադրուի», նշած է Մարտիրոսեան:

Նշենք, որ արձանի տեղադրման աշխատանքները գրեթէ աւարտած են, մէկ-երկու օրուան աշխատանք մնացած է:

Ինչ կը վերաբերի Քաղաքաշինութեան կոմիտէի յայտարարութեան, թէ հեղինակային իրաւունքի խախտում կայ` Մարտիրոսեան ըսած է. «Մեթրոյի համալիրը Ճիմ Թորոսեանի եւ Ռազմիկ Մինասեանի հեղինակածն է` 50-50 տոկոսով: Հեղինակներէն մէկը` Ռազմիկ Մինասեանը, ողջ է եւ տուած է իր համաձայնութիւնը, իսկ Ճիմ Թորոսեանը ողջ չէ: Հեղինակային իրաւունքներու վերաբերող ոչ մէկ խնդիր կայ, ինքը` նախագծողը, որ համահեղինակ է Ճիմ Թորոսեանի հետ, իր դրական եզրակացութիւնը տուած է»:

Ճարտարապետը աւելցուցած է, որ կոմիտէին տարածած յայտարարութեան մէջ հիմքեր չի տեսներ: Իսկ այն, որ մշակոյթի նախարարութեան թոյլտուութիւն չկայ, ան դիտել տուած է, որ տարածքը յուշարձաններու ցանկին մէջ չէ ներառուած, ուստի տուեալ նախարարութիւնը չի կրնար միջամտել:

Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան հաղորդագրութիւն տարածուած էր այն մասին, որ պէտք է դադրեցուէին Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրման աշխատանքները, եւ որ պէտք է հանրային քննարկում կատարուէր` վայրին նպատակայարմարութեան համար:

 

 

Նախորդը

Բակօ Սահակեան Մասնակցած Է Մարտակերտի Ազատագրութեան 25-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներուն

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Աշխատանքային Հանդիպումները Միացեալ Նահանգներու Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.