Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բակօ Սահակեան Մասնակցած Է Մարտակերտի Ազատագրութեան 25-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներուն

June 29, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 յունիսին այցելած է Մարտակերտ եւ մասնակցած քաղաքի ազատագրութեան 25-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկներուն:

Մարտակերտի ազատագրութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած անձնական խիզախութեան համար նախագահ Սահակեան երկու ազատամարտիկ պարգեւատրած է «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով, հինգ ազատամարտիկ` «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:

Նախագահը կարեւոր նկատած է Մարտակերտի ազատագրումը ռազմաքաղաքական եւ բարոյական տեսանկիւններէ` աւելցնելով, որ քաղաքի ազատագրումը ամրապնդեց մեր յաջողութիւնները եւ դարձաւ թշնամիին կողմէ աւերուած շրջանի վերականգնման ու հետագայ զարգացման կարեւոր գրաւականներէն մէկը:

Երկրին ղեկավարը ընդգծած է, որ Մարտակերտը պէտք է վերականգնէ իր երբեմնի փառքը, եւ հայրենիքէն դուրս ապրող հազարաւոր մարտակերտցիներ պէտք է վերադառնան իրենց հարազատ օճախները:

«Հայրենի հողին վրայ ապրիլն ու արարելը, հայրենիքը պաշտպանելն ու զարգացնելն ամէնէն կարեւոր առաքելութիւնն է հայ մարդուն համար: Բոլորիս պարտքն է մեր կարելին ընել այս գծով», հաստատած է նախագահը:

Տօնակատարութեան ներկայ եղած են պաշտօնական անձնաւորութիւններ, ներկայացուցիչներ Հայաստանէն ու սփիւռքէն, հիւրեր արտերկրէն:

Նոյն օրը Արցախի նախագահը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի հետ: Առաջինին հետ քննարկուած են կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառին մէջ հայկական երկու պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, իսկ Շ. Քոչարեանի հետ` արտաքին քաղաքական ոլորտին մէջ փոխադարձ գործակցութեան առնչուող խնդիրներ:

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. «Նախագահ Աունի Հետ Համաձայն Եմ, Եւ Հաստատ Լուծումի Մը Պիտի Յանգինք. Լաւատես Եմ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

Արամ Մանուկեանի Արձանը Տեղադրուեցաւ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.