Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Անդրադարձ. Ույղուրները, Չինաստանը Եւ Թուրքիան

June 29, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ույղուրները կը պատկանին թրքական ցեղերու, որոնք կը գտնուին Չինաստանի հիւսիսարեւմտեան շրջանը` Զինկժանք նահանգին մէջ եւ իրենց հայրենիքը կը կոչեն Արեւելեան Թուրքեստան: Մեծ մասամբ կը պատկանին սիւննի իսլամական դաւանանքին եւ թրքախօս են, ժամանակին կը կոչուէին Չինաստանի թաթարներ, իսկ անոնք իրենք զիրենք կ՛անուանեն «արեւելեան թուրքեստանցի» կամ «թուրք»:

1988-ին, Զէյտին Եուսուֆի ղեկավարութեամբ,  անոնք հիմնեցին Թուրքեստանի իսլամական կուսակցութիւնը (ԹԻԿ), որուն հիմնական նպատակներէն մէկն է զինեալ պայքարի միջոցով  Արեւելեան Թուրքեստանը ազատագրել չինական լուծէն: 1990-էն մինչեւ 2001 այս կազմակերպութիւնը աւելի քան 200 ահաբեկչական գործողութիւն կատարեց Չինաստանի մէջ թէ անկէ դուրս. ըստ չինական աղբիւրներու, անոր ետին կանգնած է թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը (ՄԻԹ), Թուրքիոյ մէջ կը գործէ անոր քաղաքական թեւը` «Ույղուրներու համաշխարհային խորհրդարանը», Ռապիա Քատիրի ղեկավարութեամբ: 11 սեպտեմբեր 2001-ի յարձակումէն ետք Եւրոպական Միութիւնը, Միջին Ասիոյ երկիրները եւ Արաբական ծոցի շարք մը երկիրներ զայն ճանչցան իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Սուրիական տագնապին ընթացքին, շնորհիւ ՄԻԹ-ի, անիկա կեդրոնացաւ Իտլիպի Ժըսըր Շուղուր շրջանին մէջ:

Ույղուրներուն մէջ թրքական թափանցումը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը,  Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ,  երկրի ղեկավարութեան հասաւ: 1995-ին, երբ Էրտողան Պոլսոյ քաղաքապետն էր, յայտարարեց. «Արեւելեան Թուրքեստանը այն վայրն է, ուր թուրք ժողովուրդի քաղաքակրթութիւնը ծնունդ առաւ: Եթէ այս իրողութիւնը մոռնանք, ապա կը մոռնանք մեր հայրենիքը եւ պատմութիւնը: Անոնց նահատակները նաեւ մեր նահատակներն են»: 2009-ին, երբ չինական իշխանութիւնը ճզմեց ույղուրներուն ցոյցերը, Էրտողան չինական քաղաքականութիւնը անուանեց իբրեւ «Ցեղասպանութիւն», բան մը, որ զայրացուց Չինաստանը: Թրքական կառավարութիւնը մշակութային կապերով ամէն ջանք թափեց, որ կազմակերպէ ույղուրական գաղութը Թուրքիոյ մէջ եւ նոյնիսկ հասնի ույղուրներու օգնութեան` Չինաստանի մէջ: 2015-ին Շանկհայի մէջ չինական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց տասնեակ մը թուրքեր, որոնցմէ շատեր անդամ էին թրքական ազգայնամոլական Ազգայնական շարժում կուսակցութեան: Չինաստանը ույղուրներուն նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը կ՛ամբաստանէ իբրեւ համաթուրանական քաղաքականութիւն` անջատողական շարժում հրահրելու Չինաստանի մէջ:

Չինաստան Զինկժանք նահանգին ժողովրդագրական պատկերը փոխելու համար սկսաւ հան չինացիներ բնակեցնել այդտեղ: Սակայն, հակառակ անոր որ ույղուրները ներկայիս կը կազմեն իրենց տարածքին բնակչութեան մօտ 55 առ հարիւրը, այսուհանդերձ անոնց մօտ անջատողական ձգտումները տակաւին բարձր կը մնան: Անոնց անջատողական վերջին փորձը կատարուեցաւ 1933-1944, սակայն ապարդիւն անցաւ եւ ճզմուեցաւ չինական ուժերուն կողմէ: Այստեղ յատկանշական է, որ 1944-1949 հաստատուած էր Թուրքեստանի հանրապետութիւնը Խորհրդային Միութեան, մասնաւորապէս Ժոզեֆ Ստալինի հովանաւորութեան տակ, սակայն չինական բանակը իր հակակշիռին տակ առաւ շրջանը եւ թուրքեստանցիները կոչեց ույղուր, բան մը, զոր անոնք կը մերժեն:

ԹԻԿ ռազմավարական յարաբերութիւն մշակած է նաեւ շրջանային այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս` Թալեպան շարժումը եւ Քայիտան, անոր անդամները նաեւ հիմնադիր դերակատարութիւն ունին ՏԱՀԵՇ-ի հիմնադրութեան մէջ: Իսկ Սուրիոյ մէջ անոնք կը գործեն «Թուրքեստանի ջոկատ» անուան տակ եւ ունին իրենց քաղաքական թեւը, որ կը կոչուի «Սուրիոյ մէջ Թուրքեստանի իսլամական կուսակցութիւն»: Անոնք մասնակցած են բազմաթիւ գործողութիւններու, ինչպէս` Լաթաքիոյ յարձակումը 2015-2016, Հալէպի յարձակումը (ապրիլ-մայիս 2016), Իտլիպի կռիւները (հոկտեմբեր-նոյեմբեր 2015): Անոնք Ժապհաթ Նուսրայի հետ միասնաբար ռմբակոծեցին եւ քանդեցին Հոմսի ու Իտլիպի եկեղեցիները: Այստեղ նաեւ կարեւոր է նշել, զոր ԹԻԿ-ի մէջ կան բազմաթիւ երեխաներ, որոնք անձնասպանական գործողութիւններ կատարած են սուրիական բանակին դէմ: Չինաստան բազմիցս թրքական կառավարութիւնը ամբաստանեց ույղուրներուն թրքական անցագիր տրամադրելու յանցանքով, որպէսզի կեդրոնական Ասիոյ ճամբով ուղղուին դէպի Սուրիա: Մօտ 1000 ույղուրներ անդամակցեցան ՏԱՀԵՇ-ին («Կլոպըլ Թայմզ», 2015):

Հակառակ այս բոլորին, ներկայիս թուրք-չինական յարաբերութիւնները բնականոն վիճակի մէջ կը գտնուին, սակայն ասիկա կարելի չէ հաստատել մօտիկ ապագային, որովհետեւ սուրիական տագնապին լուծումով Չինաստանը մտահոգ է ույղուր զինեալներու ապագայով: Արդեօք անոնք պիտի վերադառնա՞ն Չինաստան եւ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրե՞ն, թէ՞ Անգարայի հովանաւորութեան տակ պիտի մնան եւ ապագային իբրեւ քաղաքական քարտ օգտագործուին Թուրքիոյ կամ Միացեալ Նահանգներու կողմէ` Չինաստանի դէմ:

Yeghia.tash@gmail.com

 

 

 

Նախորդը

Մնալ Սեփական Կոչման Բարձրութեան Վրայ

Յաջորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ Իր Առաջին Հունձքը` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակի Ոգիով Լիցքաւորուած

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.