Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Արհեստից Եւ Թեքնիք Ուսումը Պէտք Չէ Ժխտական Գնահատել»

June 26, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ հովանաւորեց ու մեկնարկը կատարեց Լիբանանի մէջ Արհեստից եւ թեքնիք ուսման ազգային ռազմավարութեան:

Հարիրի նշեց, որ այդ ռազմավարութիւնը կարելի եղած է իրագործել Պրիւքսելի խորհրդաժողովին ընթացքին` ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի եւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան հետ գործակցութեամբ:

Հարիրի նշեց, որ Արհեստից եւ թեքնիք ուսման ազգային ռազմավարութեան մեկնարկը կատարուած է նկատի առնելով լիբանանեան շուկային կարիքները:

Հարիրի շեշտեց, որ արհեստից եւ թեքնիք ուսումը պէտք չէ ժխտական գնահատել` աւելցնելով, որ այդ ուսումը հիմնական է` Լիբանանի կառուցման եւ անոր տնտեսութեան բարգաւաճման առումով, որովհետեւ այդ ուսման շնորհիւ է, որ կը զարգանայ ստեղծագործութիւնը եւ կը հմտանայ արհեստաւորը: «Լիբանան կարիքը ունի երիտասարդ արհեստաւորներու, որոնք կը բարեկարգեն եւ կը զարգացնեն իրենց շրջանները: Այս ձեւով է, որ կրնանք աղքատութեան դէմ դնել` լիբանանեան կարգ մը շրջաններու պարագային», ըսաւ ան:

Վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ ժամանակը հասած է լիբանանեան ընկերութեան մտայնութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու, որովհետեւ կան շարք մը մարզեր, ինչպէս` շինարարութիւնը, ճարտարապետութիւնն ու հիւանդապահութիւնը, որոնք աշխատանքի հսկայ դաշտեր են եւ ատակ մարդուժի կարիքը ունին: «Այս առնչութեամբ կրթութեան նախարարութիւնը իր քարոզչութիւնը պէտք է կատարէ: Մենք կարիքը ունինք հմուտ արհեստաւորներու` նկատի ունենալով, որ յաջորդ փուլը պիտի ըլլայ ենթակառոյցի ներդրումներու գործադրութեան փուլը, հետեւաբար մենք կարիքը ունինք այդ ծրագիրները գործադրող քատրերու», շեշտեց Հարիրի:

Վարչապետը աւելցուց, որ պէտք է քաջալերել արհեստից եւ թեքնիք ուսումը, բարձրացնել անոր մակարդակը` ազգային այս ռազմավարութեան գործադրութեան ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ գործադրել խոստացուած բարեկարգումները` լիբանանեան տնտեսութեան բարգաւաճումը ապահովելու նպատակով:

 

Նախորդը

Բանակի Հրամանատարը Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ

Յաջորդը

«Պաալպեք – Հերմելի Մէջ Որդեգրուելիք Ապահովական Միջոցառումներուն Զուգահեռ Պիտի Իրագործուի Ամբողջական Բարգաւաճում» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.