Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 25, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եագուպ Սարրաֆ յայտնեց, որ պահանջուած է փոփոխութեան ենթարկել Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին որդեգրած ոճն ու վարուելակերպը` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերեալ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը տապալողը գիտէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս տապալել ներքին աւազակախումբերը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող տագնապին քաղաքական լուծման կարելի չէ սպասել` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու համար:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ Լիբանանի նկատմամբ սէուտական եւ Ծոցի երկիրներու մօտեցումին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւնը պիտի քաջալերէ զբօսաշրջիկներու Լիբանան այցելութիւնը:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի հաստատեց, որ կառավարութեան մէջ սիւննիական ներկայացուցչութիւնը կարելի չէ միայն Մուսթաքպալ պլոքով սահմանափակել:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ եւ տեղեկատուութեան նախարարներ Ղաթթաս Խուրի եւ Մըլհեմ Ռիաշի շաբաթավերջին ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ՀԶՕՐ Լիբանան պլոքի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ իրենք կը ցանկան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները մշակել եւ ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը յանգիլ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի համաձայն է, որ Լիբանանեան ուժերը ստանձնեն փոխվարչապետի պաշտօնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Օքապ Սաքըր հաստատեց, որ յառաջիկայ տասը օրերը ճակատագրական պիտի ըլլան կառավարութեան կազմութեան իմաստով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ այսօր աւելի քան երբեք համախմբումը կառչած կը մնայ փոխվարչապետի պաշտօնին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի խորհրդական Խալտուն Շերիֆ հաստատեց, որ ներկայիս կառավարութեան կազմութեան կարելիութիւնը անել կացութեան մատնուած է` աւելցնելով, որ բոլորը պէտք է զիջումներ կատարեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ փոխվարչապետի պաշտօնէն կը զիջին պաշտպանութեան կամ արտաքին գործոց նախարարութեան փոխարէն: Նոյն օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը աւելի հեզասահ կրնայ ընթանալ` նկատի ունենալով, որ քաղաքական ուժերուն պահանջները սկսած են աւելի տրամաբանական դառնալ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախագահական պալատէն, կը գրէ, թէ երկուշաբթի վճռորոշ պիտի ըլլայ կառավարութեան նոր կազմը յայտարարելու կամ նոր կառավարութեան կազմութիւնը տարբեր առանցքով սկսելու իմաստով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Հըզպալլա ոչ մէկ արգելք ունին, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ուժային նախարարութիւն մը ստանայ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, կան մտահոգութիւններ, թէ կառավարութեան կազմութեան գծով վարչապետ Սաատ Հարիրիի լաւատեսութիւնը կրնայ խոչընդոտուիլ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան յայտարարութիւնը կրնայ մինչեւ ամսուան վերջը յետաձգուիլ, եթէ նախագահ Աուն վարչապետ Հարիրիի ներկայացուցած կազմով չհամոզուի:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, սիւննի նախարարներուն գծով ոչ մէկ հարց կայ, այլ` հիմնական հարցը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնն է եւ անոր ներկայացուցած պահանջները:

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան. «Նօ Քալչըր Լեֆթ Պիհայնտ» Թեմայով Միօրեայ Խոստմնալից Ձեռնարկ

Յաջորդը

Պեքաա-Հերմել Համախմբումը Կը Հաստատէ, Որ Ապահովական Ծրագիրը Շրջանին Համար Առաջնահերթութիւն Է

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.