Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան. «Նօ Քալչըր Լեֆթ Պիհայնտ» Թեմայով Միօրեայ Խոստմնալից Ձեռնարկ

June 25, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` կիրակի, 24 յունիս  2018-ի երեկոյեան ժամը վեցէն սկսեալ  մշակութային հետաքրքրական ցուցահանդէս-ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Ժմմէյզէ շրջանի Սեն Նիքոլայի աստիճաններուն վրայ:

«Նօ քալչըր լեֆթ պիհայնտ» (Ոչ մէկ մշակոյթ մնացած ետին) խորագրեալ այս ձեռնարկը ազգային, աւանդական, մշակութային, գեղարուեստական խառն, բայց խիստ հետաքրքրական ու շահեկան մթնոլորտի արտացոլումն էր: Ժմմէյզէի Սեն Նիքոլայի աստիճաններուն վրայ զետեղուած իւրաքանչիւր կրպակ այցելու հանդիսատեսը կը փոխադրէր տուեալ կրպակի ցուցադրած ու խորհրդանշած հոգեւոր աշխարհը: Տեղ մը օրինակ` ԶՈՄ-ական ընկերուհի մը ներկաներուն հայերէն եւ օտար լեզուներով կը բացատրէր ցուցադրուած պատկերներու պատգամը` հայոց, Միջին Արեւելքի եւ այլ  ժողովուրդներու մշակութային աւանդներու ապրած հալածանքն ու պատմական կոթողներու կրած աւերը, ինչպէս` Անիի պարիսպներու եւ հայաբոյր այլ խորհրդանիշներու քանդումը Թուրքիոյ կողմէ, Փալմիրի, Աֆրինի մշակութային կոթողներու, Աֆղանիստանի Պուտտայի արձաններու քանդումը եւ այլն: Այլ խօսքով` ցեղասպանութեան շարունակուող արհաւիրքէն զանազան մանրանկարներ: Այլ տեղ մը` մասնագէտ հայուհի մը (Թալին Տէյիրմէնճեան) ներկաներուն կը բացատրէ հայկական աւանդական գորգագործութեան «գաղտնիքները»: Անոնց կողքին կը փայլէին Եւնիկէ Եագուպեանի պատրաստած հայկական ասեղնագործ նմուշները` պատմական Մարաշի եւ այլ հայկական շրջաններու ասեղնագործութեան արուեստէն: Այլ կրպակի մը ետին, Արփի Մանկասարեանի նախաձեռնած «Պատկեր» մշակութային կեդրոնի համադամ ճաշերուն կողքին, ԶՈՄ-ական ընկերներ խոհարարի տարազով կը հիւրընկալէին այցելուները եւ անոնց կը հրամցնէին իրենց ներկայացուցած համադամ ուտեստեղէնները: Դիմացը` երիտասարդ նկարիչ մը իր նորարարական «սելֆի»-ի նկարչական գործիքով այցելուներուն կը ներկայացնէր իր նկարչական տաղանդը` զանոնք նկարելով եւ անոնց նուիրելով իր նկարած «սելֆի»-ները:

Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէր նաեւ ոչ հայկական  միութիւններու կողմէ պատրաստուած ձեռագործներու եւ արուեստի գործերէն նմուշներ:

Լսողատեսողական արդիական ազգային ու դաստիարակչական սարքերու ներկայացման կողքին  ձեռնարկը ճոխացած էր նաեւ գեղարուեստական այլազան ներկայացումներով, ուր իրենց լսատեսողական արդիական սարքերով ելոյթ ունեցան «Արնապիթ», «Ասսաալիք», «Վահագն» եւ «Սիմֆոնեթթա» խումբերը: Ուշագրաւ էր նաեւ երիտասարդ գեղանկարիչ, արուեստագէտ Գարամուշի (Մուշեղ Գարավարդանեան) ներկայութիւնը, որ կենդանի պատկերով Սեն Նիքոլայի աստիճաններու կողքի պատին վրայ կը գծէր հրեշտակաթեւ «այցելու»-ն: Գարամուշի գեղանկարը կ՛ընդգրկէր պատմական խորհրդանիշներ, ինչպէս` հայկական Քարահունչը եւ այլն: Ձեռնարկը նաեւ առիթ էր, որ այցելուները նուիրէին գիրքեր, որոնք պիտի տրամադրուին հանրային գրադարաններու:

Երիտասարդական այս ձեռնարկը հետաքրքրաշարժ, շահեկան ու ներգրաւող նախաձեռնութիւն մըն էր, որ միաժամանակ ճակատագրակից ժողովուրդներու տառապանքներու բացայայտման կողքին կը ցոլացնէր երիտասարդութեան ներուժը ապագայի կերտումին մէջ` զանազան բնագաւառներու մէջ անոնց ներդրումով:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս, Թէոդորոս Բ. Եւ Մար Աֆրամ Բ. Պատրիարքները Հանդիպում Մը Ունեցան Աթշանէի Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.