Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացիներուն Մեծամասնութիւնը Չի Պաշտպաներ Թրամփի Արտաքին Քաղաքականութիւնը

June 23, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացիներուն մեծամասնութիւնը դէմ է այն արտաքին քաղաքականութեան, որ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը, կը վկայեն «Սի.էն.էն» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ կատարուած ընկերաբանական հարցախոյզին արդիւնքները, որոնք հրապարակուած են 21 յունիսին:

Տարածուած տուեալներուն համաձայն, հարցախոյզին մասնակցածներուն 53 տոկոսը բացասաբար կը վերաբերի այն փաստին, թէ Թրամփ ինչպէ՛ս յարաբերութիւնները կը կառուցէ արտասահմանեան պետութիւններուն հետ: Անոր արտաքին քաղաքականութեան հաւանութիւն կու տայ հարցախոյզին մասնակիցներուն միայն 39 առ հարիւրը: Ամիս մը առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը դրական կը գնահատէր անոնց 42 առ հարիւրը:

Հարցախոյզին մասնակիցներուն 60 առ հարիւրէն քիչ մը աւելին այն կարծիքը ունի, որ Ուաշինկթընի համար աւելի լաւ է բարեկամական յարաբերութիւններ պահպանել մերձաւոր դաշնակիցներուն հետ, քան այդ պետութիւններէն ներմուծուող ապրանքներուն վրայ մաքսատուրքեր սահմանել: Հակառակ կարծիք ունի անոնց 25 առ հարիւրը: Հարցախոյզին մասնակիցներուն մօտաւորապէս երկու երրորդը առաջուան պէս կը կարծէ, որ արտասահմանեան ղեկավարները չեն յարգեր Թրամփը, նշած է «Սի.Էն.Էն»: Մինչդեռ անոնց մեծամասնութիւնը (66 տոկոս) դրական կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական դրութիւնը, որ ստեղծուած է Թրամփի օրով: Հարցախոյզը 14-17 յունիսին կատարուած է աւելի քան հազար չափահաս ամերիկացիներու ծիրին մէջ: Վիճակագրական անճշդութիւնը չի գերազանցեր 3,7 տոկոսային կէտը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

 

Նախորդը

Եըլտըրըմ. «Թուրքիա Աշխարհի Անիրաւուածներուն Յոյսն Է»

Յաջորդը

Հասանովի Պնդումով` Վերջին Տարիներուն Ազրպէյճանի Զինուորական Կարողականութիւնը Էականօրէն Ընդլայնուած Է

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.