Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ «ժողովուրդի դաշինքը», որ կ՛ընդգրկէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնները, պիտի գոյատեւէ նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք:
Ան նշեց, որ դաշինքը պիտի գոյատեւէ ժողովուրդին եւ պետութեան համար, եւ կոչ ուղղեց ամրապնդելու անոր ուժը:



