Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Աթշանէ-Պիքֆայա շրջանին մէջ ներկայ գտնուեցաւ ասորի ուղղափառ համայնքի նորակառոյց պատրիարքարանի բացման արարողութեան:
Ասորի ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքին կողքին, պատրիարքարանի բացման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ղպտի ուղղափառ համայնքի Թէոդորոս Բ. պապը, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, կաթողիկէ հայոց Գրիգորիս – Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը, Աւետարանական համայնքի նախագահ վեր. Սելիմ Սահիունը, հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, մեծ թիւով երեսփոխաններ, Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամը, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ, որոնց շարքին էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, զինուորականներ, քաղաքապետներ եւ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը:
Նախքան պատրիարքարանի բացումը, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին ասորի ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքը յայտնեց, որ այս պատրիարքարանը Լիբանանի եւ շրջանին դիմագրաւած դժուար օրերուն կառուցած են` իբրեւ պատասխան բոլոր անոնց, որոնք կը ջանան շրջանին մէջ տկարացնել քրիստոնէական գոյութիւնը եւ պատերազմ կը մղեն զանոնք շրջանէն հեռացնելու նպատակով:
Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքը շեշտեց, որ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ինչպէս իրենց նախահայրերը Անտիոքը ընտրած են իբրեւ կեդրոն` կրօնական կառոյցներու, որոնց աւանդութիւնները տակաւին կ՛ուսուցանուին համալսարաններուն մէջ եւ կը հարստացնեն եկեղեցիները:
Պատրիարքը շեշտեց, որ պիտի չարտօնեն, որ սադրանքները իրենց ազգային միասնականութիւնը խզեն: «Մեր եկեղեցիներուն եւ վանքերուն դէմ չարագործութիւն կատարած ձեռքերը պիտի անդամալուծուին, երբ մենք ամրապնդենք մեր միասնականութիւնը եւ պահպանենք մեր կրօնը, իսկ մեզ ջնջել փափաքողներուն կը վստահեցնենք, որ գոյատեւումի մեր կամքը շատ աւելի բարձր է ու հզօր», ընդգծեց Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքը:
Ապա տեղի ունեցաւ պատրիարքարանի բացումը, որմէ ետք նախագահ Աուն շեշտեց, որ Արեւելքը միշտ ալ եղած է բազմազանութեան եւ կրօնական ներողամտութեան օրինակելի տիպարը: «Արեւելքը դարձած է նաեւ մշակութային եւ քաղաքակրթական շփումի, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ գիտութեան հարստութեան օրրան, որ կ՛ենթադրէ մեր բոլորին գուրգուրանքը` զանոնք պահպանելու գծով», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն ըսաւ, թէ քրիստոնեաներն ու իսլամները ամէն ջանք պէտք է ի գործ դնեն պահպանելու համար այդ հարստութիւնը եւ պաշտպանելու զայն, որպէսզի յարգած ըլլան նաեւ կրօնի եւ խօսքի, ինչպէս նաեւ տարբեր ըլլալու ազատութիւնը:
Ան շեշտեց, որ այս բոլորը կատարելով է, որ կը նուազին սպանութիւնը, կրօնական ծայրայեղութիւնն ու Աստուծոյ անունով ժողովուրդներուն դէմ գործադրուած բռնագաղթը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք պիտի ըլլայ ազգային միասնականութեան ու համերաշխութեան պաշտպանը, եւ պիտի պահպանէ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը, հաւասարակշռութիւնն ու անոնց միջեւ փոխադարձ յարգանքը: «Բոլորին հետ պիտի գործակցիմ կազմելու համար կառավարութիւն մը, որ կը դրսեւորէ լիբանանցիներուն փափաքն ու լիբանանեան հաւասարակշռութիւնները, ինչպէս նաեւ աշխարհին կը հասցնէ փայլուն պատկեր մը, որ մենք իբրեւ քաղաքական պատասխանատուներ երկիրը կ՛առաջնորդենք դէպի բարգաւաճում` անոր ապահովելով ազգային զարթօնք, բարեկարգում, թափանցիկութիւն եւ փտածութեան ու անոր հեղինակներուն դէմ պայքար», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Արեւելքը քրիստոնեաներէն պարպելու արշաւը պէտք է վերջ գտնէ` աւելցնելով, որ քաղաքական իշխանութիւններն ու հոգեւոր հեղինակութիւնները պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն` Արեւելքը իր բնակիչներէն պարպելու քայլերը կասեցնելու: Ան հաստատեց, որ որեւէ ծրագիր, որ կը միտի մէկ կրօնի հիման վրայ ցեղապաշտական կամ ցեղային խմբաւորումներ կազմել, ապա կը նկատուի անվերջանալի պատերազմի ծրագիր:




