Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Թիւրպօ Արագութեամբ Կ՛ընթանամ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մէջ»

June 22, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կրնայ վերաշխուժանալ եւ դրսեւորուիլ ազգային միասնականութեան համախոհական կազմով մը:

Վարչապետ Հարիրի Պէյրութէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով արտաքին խոչընդոտներ չկան, այլ` ներքին: «Բոլոր հարցերուն կարելի է լուծումներ գտնել, եւ մենք քաղաքական բոլոր հեղինակութիւններուն հետ կը խորհրդակցինք այդ հարցերուն լուծման նպատակով: Կը մաղթէի, որ տօնական օրերուն ընթացքին տեղեկատուական գետնի վրայ ամէն ինչ աւելի հանդարտ ըլլար Լիբանանի մէջ», ըսաւ ան:

Հարիրի հաստատեց, որ իր պարտականութիւնն է համախմբել քաղաքական բոլոր ուժերը, «դանդաղ քայլերով չեմ ընթանար, այլ` «թիւրպօ» արագութեամբ կը խորհրդակցիմ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ», շեշտեց Հարիրի:

Վարչապետ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն` ներկայութեամբ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի եւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:

Նշենք, որ Հարիրիի Լիբանան վերադարձի նախօրեակին կատարուեցան շարք մը զրպարտութիւններ` Փարիզի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ իր ունեցած վատ հանդիպումին մասին:

Սակայն վարչապետ Հարիրիի եւ Պասիլի մօտիկ աղբիւրներ հերքեցին այդ տեղեկութիւնները` ընդգծելով, որ Փարիզի հանդիպումը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ, իսկ շրջանառութեան մէջ դրուած ժխտական տեղեկութիւնները պարզապէս ենթադրութիւններ են եւ ոչ թէ ճշմարտութիւն:

Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ վարչապետը չի մտածեր կազմել կառավարութիւն մը` առանց ներառելու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը:

Իր կարգին, Պասիլի յատուկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Հարիրիի հետ հանդիպումին ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը վարչապետէն չէ պահանջած պատժել Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնն ու Մարատա հոսանքը` զանոնք զրկելով կառավարութեան մաս կազմելէ:

Միւս կողմէ, Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ընդգծեց, որ Պասիլի եւ Հարիրիի միջեւ Փարիզի հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ նախարարութիւններէն աւելի կարեւոր է կառավարութեան մէջ տիրելիք քաղաքական համախոհութիւնը, որպէսզի ան կարենայ աշխատանքներ իրագործել:

Քանաան շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ոչ մէկ հարց ունի, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կառավարութեան մէջ ներկայացուի եւ ուժային նախարարութիւն ստանձնէ:

Քանաան աւելցուց, որ 30 նախարար հաշուող կառավարութեան մէջ հանրապետութեան նախագահը 5 նախարարութեան իրաւունք ունի` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը յանձնառու է կառավարութեան մէջ իր իրաւունքներուն յարգումին:

 

Նախորդը

Բանակը Պաալպեքի Մէջ Յանցագործներ Կը Ձերբակալէ

Յաջորդը

Պըրրի. «Չեմ Գիտեր, Թէ Վարչապետը Ճիշդ Ի՛նչ Կը Մտածէ, Սակայն Ան Նոր Կառավարութեան Կազմութեան Խուլ Ականջ Տուած Է»

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.