Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իզորիա. «Միացեալ Նահանգներ «Սթինճըր» Տեսակի Շարժական Զենիթահրթիռային Կայաններ Պիտի Տրամադրեն Վրաստանին»

June 22, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ Վրաստանին «Սթինճըր» տեսակի շարժական զենիթահրթիռային կայաններ պիտի տրամադրեն: Այդ մասին Վրաստանի խորհրդարանին մէջ նախանցեալ օր յայտարարեց Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիան` նշելով, որ Փենթակոնի պաշտօնեաներուն հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է այս մասին Ուաշինկթըն կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին:

«Մեր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը Վրաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները մարտավարական բնոյթի հակահրետանային համակարգերով ապահովելն էր: Մենք այդ խնդիրը յաջողեցանք լուծել տակաւին այս տարեսկիզբին, երբ ամերիկացիներէն «Ճավըլին» տեսակի համակարգեր ձեռք բերինք: Այժմ ահա Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութիւն ձեռք բերած ենք «Սթինճըր» տեսակի մարտավարական հակաօդային համակարգերու մատակարարման շուրջ», յայտարարեց Լեւան Իզորիա:

Նշենք, որ զրահապատներու դէմ պայքարի համար նախատեսուած «Ճավըլին» շարժական համակարգերու ձեռքբերման առաջին փուլը Վրաստանը աւարտեց այս տարուան յունուարին: Տակաւին 2017-ի նոյեմբերին 72 «Ճավըլին» համակարգերու եւ աւելի քան 400 հրթիռներու վաճառքը Թիֆլիսին արժանացած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաւանութեան: Գործարքի ընդհանուր ծաւալը, ըստ վրացական աղբիւրներուն, կը կազմէր 75 միլիոն ամերիկեան տոլար:

«Սթինճըր»-ներու վաճառքին շուրջ յառաջիկայ գործարքի ֆինանսական բաղադրիչը վրացական իշխանութիւնները տակաւին չեն բացայայտեր` նշելով միայն, որ հետեւելով ՕԹԱՆ-ի ներքին կանոններուն` չեն պատրաստուիր գումար տնտեսելու երկրին պաշտպանական պիւտճէի օգտին:

«Մեր նպատակն է համապատասխանել ՕԹԱՆ-ի սահմանած չափանիշներուն, այդ իսկ պատճառով Վրաստանի պաշտպանական պիւտճէն կը կազմէ համախառն ներքին արդիւնքի 2 տոկոսը: Մեր երկրին ռազմական պիւտճէին 20 տոկոսը կ՛ուղղուի զինեալ ուժերուն համար սպառազինութեան ձեռքբերման, ինչ որ նաեւ ՕԹԱՆ-ի գլխաւոր չափանիշներէն մէկն է: Այս առումով մենք նոյն ցուցանիշները ունինք, ինչպէս դաշինքի ութ անդամ պետութիւնները», նշեց Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը:

Նախորդը

Մերքել Պաշտօնական Այցելութեամբ Ժամանեց Լիբանան Եւ Քննարկեց Տնտեսական Ու Առեւտրական Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Փեսքով. «Քրեմլին Կ՛ակնկալէ Պոլթընի Այցելութիւնը Ռուսիա»

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.