Մօտ օրէն լիբանանեան պասքեթպոլի պատմութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ կարեւոր իրադարձութիւն մը` նկատի ունենալով, որ Լիբանան պիտի այցելէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի խումբերէն Տալաս Մավըրիքսի մաս կազմող թունուզցի Սալեհ Մաժերի:
Վերջինս, որ Մաժերի պասքեթպոլի ընկերութեան սեփականատէրն է, յատուկ պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Հուփս ակումբին հետ, որպէսզի տաղանդաւոր մարզիկներ փորձեր կատարեն իրեն հետ:
Թունուզցի Սալեհի Լիբանան այցելութիւնը պիտի տեւէ չորս օր` 12-15 յուլիսին:
8-17 տարեկան մարզիկներ անոր հսկողութեան տակ յատուկ փորձեր պիտի կատարեն Հուփսի երկու ակումբներուն մէջ` Հազմիէ եւ օդակայանի ճամբուն վրայ:
Անոր ուշադրութեան արժանացող շարք մը մարզիկներ, որոնք բնականաբար պիտի ունենան յատուկ տաղանդներ, պիտի մեկնին Միացեալ Նահանգներ, այդտեղ «Էն. Պի. Էյ.»-ի կրտսերներու ախոյեանութեան մասնակցելու համար: Վերջինս տեղի պիտի ունենայ 3-13 օգոստոսին, ամերիկեան Օրլանտօ նահանգին մէջ:


