Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտարարած է, թէ Ազրպէյճան կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք զօրահանդէսին, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրէ նոր զինատեսակներ, յատկապէս` հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր:
Ըստ «Ինթըրֆաքս»-ի, վերջինս նաեւ նշած է, թէ նախագահ Իլհամ Ալիեւ իրենց ուսերուն պարտք դրած է ապահովել բանակին պատրաստուածութիւնը` իրական պատերազմական գործողութիւններու: «Մեր նպատակն է պատրաստել բանակը պատերազմի, եւ այսօր ազրպէյճանական բանակը պատրաստ է ազատագրելու բռնագրաւուած տարածքները, նաեւ` հոգեբանօրէն», հաստատած է Հասանով:



