Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Հետ Կը Գործենք` Ծառայելու Համար Աշխարհի Խաղաղութեան, Արդարութեան Եւ Երկխօսութեան» Նշեց Պապը Նախագահ Աունին Յղուած Նամակին Մէջ

June 21, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Ֆրանչիսկոս պապէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ պապը կ՛աղօթէ առ Աստուած` նախագահ Աունի ջանքերուն զօրակցելու նպատակով:

Պապը վերահաստատեց Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ իր սէրը` անոնց յղելով իր առաքելական յորդորակը:

Նախագահ Աունին յղած իր նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս պապը հաստատեց, որ իրենք Լիբանանի հետ կը գործեն` ծառայելու համար աշխարհի խաղաղութեան, արդարութեան եւ երկխօսութեան:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որ նախագահ Աունին ներկայացուց եուրոպոնտի բաժնետոմսերու վաճառումին ու Լիբանանին անհրաժեշտ նիւթականը ապահովելու յաջող գործառնութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ:

Սալամէ նշեց, որ նախագահ Աունի ներկայացուցած է նաեւ լիբանանեան թղթոսկիին կայուն իրավիճակը` աւելցնելով, որ լիբանանեան թղթոսկին իր արժէքը կորսնցնելու տագնապին դէմ յանդիման չի գտնուիր:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ, որ նախագահ Աունին զեկուցեց նաւթի եւ բնական կազի պեղումներու աշխատանքին մանրամասնութիւններուն մասին, յատկապէս նկատի ունենալով թիւ 4 եւ թիւ 9 նաւթահորերու պեղման ծրագիրի վաւերացումը:

Ապի Խալիլ նախագահ Աունին ներկայացուց նաեւ իր տուած որոշումը, որուն համաձայն, յուլիսի աւարտին Լիբանանի մէջ կարմիր մազութի օգտագործումը պիտի դադրի եւ բոլոր փոխադրամիջոցները պիտի սկսին կանաչ մազութով աշխատիլ` նկատի ունենալով, որ անոր օգտագործումով երկրին կենսոլորտը աւելի նուազ կ՛ապականի:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ժան Օպէյտ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Նախագահ Աուն Այցելեց «Ֆուատ Շեհապ»-ի Անուան Սպայից Վարժարանը

Նշենք, որ նախագահ Աուն նախանցեալ օր այցելեց Ռիհանիէի մէջ «Ֆուատ Շեհապ»-ի անուան սպայից վարժարանը, ուր ընդունուեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի կողմէ` ներկայութեամբ սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաքի եւ մեծ թիւով սպաներու:

Նախագահ Աունի այցելութիւնը իր տեսակին մէջ առաջինը կը նկատուի: Այցելութեան ընթացքին նախագահ Աուն ստուգեց սպաներու ուսումնական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ իմացաւ դպրոցի ընդհանուր իրավիճակին մասին:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ զինուորական ընտիր տեղեկութիւնները կը բարձրացնեն արհեստավարժութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդեն ճակատամարտը վարելու եւ տարբեր ուժերու միջեւ գործակցութիւնը համադրելու աշխատանքը:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ այդ բոլորին արդիւնքները դրսեւորուեցան բանակին յայտարարած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական բջիջները կազմաքանդելու արշաւին ընթացքին:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ բոլոր սպաները յաջողին իրենց զինուորական կեանքին մէջ:

 

Նախորդը

Շէյխ Քապալան Ընդունեց Պուխարին Եւ Բանակի Հրամանատարը

Յաջորդը

ՕՓԵՔ-ի Մէջ Քարիւղի Պահանջարկի Նախատեսումը Կը Նկատեն Անորոշ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.