Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Քարամէ հաստատեց Եգիպտոսի ունենալիք կարեւոր դերակատարութիւնը` միջարաբական կայունութիւնն ու միասնականութիւնը վերահաստատելու նպատակով:
Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` Քարամէ յայտնեց, որ իրենք կը ներկայացնեն երեսփոխանական ընդարձակ պլոք մը` հաստատելով, որ եթէ կառավարութիւնը ազգային միասնականութեան դահլիճ պիտի ըլլայ, ապա պէտք է ընդգրկէ նաեւ իրենց ներկայացուցած համախմբումը:
Իր կարգին, Նաժարի շեշտեց, որ Եգիպտոսի եւ Լիբանանի, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի քաղաքական հեղինակութիւններուն միջեւ կայ մտերմութիւն` աւելցնելով, որ ինք միշտ կ՛այցելէ Թրիփոլի եւ Գահիրէի զօրակցութիւնը կը յայտնէ հիւսիսային Լիբանանին` յատկապէս կրթական եւ բարգաւաճման ոլորտներուն մէջ:



