Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ Պեքաան միշտ հպարտութիւն եղած է իրեն համար` նկատի ունենալով, որ ան բռնագրաւումին դէմ պայքարողն է եւ հարաւային Լիբանանի Դիմադրութեան հետ երկուորեակ դարձած շրջանը, որ կանխարգիլած է սադրանքներն ու ահաբեկչութիւնը:
Ան նշեց սակայն, որ Պեքաայի պատկերը աղաւաղելու եւ զայն ապօրինութեամբ ներկայացնելու մնայուն փորձ կայ ոմանց կողմէ, եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ են այդ փորձերը:
«Ամբողջ Լիբանանը կը բաւարարուի այդ փորձերը դիտելով. արդեօք ի՞նչ է ուզուածը», հարց տուաւ խորհրդարանի նախագահը:
Պըրրի նշեց, որ երբեմն նոյն աշիրեթին մաս կազմող անհատները իրենց աշիրեթներուն դէմ են` աւելցնելով, որ այն հաստատումները, թէ բանակը չի կրնար ձերբակալել եւ Պեքաայի ու ամբողջ երկրին ապահովութեան սպառնացող աշիրեթներուն գործունէութեան վերջ տալ, համոզիչ չեն:
Պըրրի նշեց, որ հարցը հանգամանքի հարց է եւ իրաւունքի եւ ոչ թէ պետական հանգամանքի: «Պեքաան կարիքը ունի ապահովութեան, որովհետեւ անիկա Լիբանանի ապահովութեան մաս կը կազմէ: Բարգաւաճումն ու ներդրումը, ինչպէս նաեւ ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը իրարու կ՛ամբողջացնեն», ըսաւ Պըրրի:
Ան ընդգծեց, որ ինք կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին` հաստատելով, որ Պեքաայի բնակիչները կարիքը ունին պետութեան, որուն պատկանելիութեան փաստաթուղթը կը կրեն եւ ոչ թէ որուն ոչխարներն են` Լիբանանի ստեղծումէն ի վեր:



