Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի ղեկավար Ուալիտ Պուխարին, որ շնորհաւորեց զայն Ֆիթրի տօնին առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Շէյխ Քապալան ընդունեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց շիի համայնքի հոգեւոր պետին` Ֆիթրի տօնին առիթով:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու նաեւ լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները:
Շէյխ Քապալան հաստատեց, որ բանակը երկիրը պաշտպանող պարիսպները կը խորհրդանշէ: Ան ըսաւ, թէ բանակը Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման երաշխիքն է, եւ լիբանանցիները պէտք է համախմբուին իրենց բանակին շուրջ` նկատի ունենալով, որ անիկա փաստած է, թէ բոլոր լիբանանցիներուն փրկութիւնն է:
Շէյխ Քապալան լիբանանեան պետութենէն պահանջեց օժանդակել բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, որպէսզի անոնք կարենան զինուիլ եւ երկիրը պաշտպանել անոր սպառնացող փորձանքներէն ու վտանգներէն:



