Երէկ` երեքշաբթի, 19 յունիսին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի ֆութպոլի պատուիրակութիւնը, որ Ռուսիոյ մէջ մասնակցած էր ՖԻՖԱ-ի համագումարին, 2018-ի մոնտիալին ազդանշանը տրուելուն նախօրեակին:
Նախարար Ֆընէյշ լիբանանեան պատուիրակութենէն բացատրութիւն պահանջեց, թէ ինչո՞ւ Լիբանան չէր քուէարկած ի նպաստ Մարոքի, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր հիւրընկալելու 2026-ի մոնտիալը: Անոր փոխարէն Լիբանան քուէարկած էր ի նպաստ Քանատա – Միացեալ Նահանգներ – Մեքսիքա միացեալ թեկնածութեան, որ այդ մոնտիալը հիւրընկալելու իրաւունքը ստացած էր:
Նախարարը Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն պահանջեց շատ արագ նիստ մը գումարել` իրեն բացատրութիւն տալու համար այս ուղղութեամբ:



